Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Եւ Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին առիթով, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Ժիպէյլի «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` նախագահութեամբ Ալեքսան Սուսանիի: Պարահանդէսին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 700 երիտասարդներ: Օրուան թամատաներն էին Սեւան Ադամեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Յարութ Լափաճեան, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց զոյգ հանրապետութիւններու 25-ամեակի իմաստն ու կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ հայ երիտասարդի կեանքին մէջ յատկապէս: Յարութ Լափաճեան ըսաւ, թէ հայ երիտասարդը, ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը գտնուի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եւ անոր դերակատարութիւնը մեծ պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման նպաստող աշխատանքներուն մէջ:Պարահանդէսին բացումը կատարեց Սեւան Ադամեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց ԼԵՄ-ի պատմականը, երիտասարդական մակարդակի վրայ տարուած աշխատանքները եւ դերակատարութիւնը` հայ երիտասարդի առօրեային մէջ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակը ներկայացնող վաւերագրական տեղեկութիւններ` ժամանակագրական տուեալներով, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դերակատարութիւնն ու աշխատանքները այս ընթացքին:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ «Քամի» պարախումբը, որ ներկայացուց հայկական 2 պար:
«Երազ իմ երկիր հայրենի» երգով ճաշկերոյթին բացումը կատարեց հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան, որուն յաջորդեց Աղասի Իսպիրեան` «Կռունկ» երգի կատարողութեամբ, իսկ Արաբօ Իսպիրեան հանդէս եկաւ «Տուն իմ հայրենի» երգի կատարողութեամբ:
Հանրածանօթ 3 երգիչները մթնոլորտը ճոխացուցին հայկական երգերով: Երիտասարդութեան խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ յեղափոխական երգերու կատարողութեամբ ճաշկերոյթ- պարահանդէսը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ