Կառավարութիւնը Կը Փոխհատուցէ Սուրիահայերուն Կողմէ Հայաստան Ներմուծուած Ինքնաշարժներու Մաքսային Վճարները
Այսօր տեղի ունեցած Կառավարութեան նիստին ընթացքին գործադիրը, ի թիւս այլ հարցերու, որոշում ընդունած է նաեւ Սուրիոյ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն կողմէ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութենէն 2012թ. Յուլիս 1-էն ետք ինկած ժամանակահատուածին ՀՀ ներմուծուած ինքնաշարժներու մաքսային վճարներու եւ օրէնքով սահմանուած կարգով մաքսային մարմիններուն վճարման ենթակայ այլ վճարներու վճարման հետ կապուած ֆինանսական ծախսերը կատարելու նպատակով` կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն գումար յատկացնել ՀՀ ԿԱ պետական եկամուտներու կոմիտէին:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն: