Պաթումի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսը Հիւրընկալեց Պատանի Հայ Շախմատիստները

Պաթումի մէջ մեկնարկած մինչեւ 8, 10 եւ 12 տարեկաններու ճատրակի աշխարհի առաջնութեան մէջ Հայաստան ներկայացնող մասնակիցները գրոսմայստեր Արսէն Եղիազարեանի գլխաւորութեամբ Հոկտեմբեր 25-ին հիւրընկալուեցան Պաթումի  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան, ողջունելով ներկաները, առանձնայատուկ ընդգծեց պատանի շախմատիստներու` Հայաստան պատուով ներկայացնելու հանգամանքը եւ անոնց յաջողութիւններ մաղթեց մրցաշարի յետագայ հանդիպումներուն:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ այցելութիւն Պաթումի Սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցի, ուր պատանի շախմատիստներուն բարեմաղթանքի եւ օրհնանքի խօսքեր յղեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Աճարիոյ, Իմերեթիոյ եւ Կուրիոյ հոգեւոր հովիւ տէր Արարատ քահանայ Կումպալեան:

Տեղեկանք: Մինչեւ 8, 10 եւ 12 տարեկաններու աշխարհի այս առաջնութեան մէջ, որուն կը մասնակցին շուրջ 700 երեխաներ 66 երկիրներէ, Հայաստանէն մրցողներուն թիւը 29 է:

Հոկտեմբեր 25-ի տուեալներով` 6 խաղէ ետք լաւ արդիւնքներ ունին մինչեւ 12 տարեկան աղջիկներու մրցաշարին հանդէս եկող Մարիամ Մկրտչեան` 5 միաւոր` 6- հնարաւորէ եւ մինչեւ 12 տարեկան տղաներու մրցաշարին` Եւրոպայի ախոյեան Մամիկոն Ղարիբեան` 4 միաւոր` 6 հնարաւորէ:

Scroll Up