Պուրճ Համուտի Կառոյցներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչներու` Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/varja_102516.jpg)
Երէկ` երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի կառոյցներու եւ մարզական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու թաղական խորհուրդներու, մամուլի, հայրենակցական միութիւններու, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ համալսարանական դասախօսներու:
Հաւաքի սկզբնաւորութեան, ներկաները դիտեցին վարժարանի մասին տեսերիզ մը, ապա խօսք առին Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան եւ հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան: Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ Ազգային միացեալ վարժարանը նոր հորիզոն է արդիական միջոցներով դէմ դնելու բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն:
Ապա ներկաները շրջագայեցան վարժարանին մէջ եւ մօտէն ծանօթացան կառոյցին:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: