Բոլոր Հայերը Հարազատ Են Ինծի. Յայտնի Թուրք Երգչուհին Յայտարարած Է Բեմէն

Թուրք յայտնի երգչուհի Սեզէն Աքսուն Թուրքիոյ մէջ մենահամերգի ժամանակ խօսած է հայերու հանդէպ իր վերաբերմունքին մասին:

Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ mansettv.com թրքական լրատուական կայքը, Սեզէն Աքսուն յայտարարած է, որ բոլոր հայերը իրեն հարազատ են:

Ան յիշած է 1996թ.-ին ինքնաթիռի վթարէն զոհուած իր մեծ սիրոյն` Օննօ Թունճին (Թունճպոյաճեան-Tert.am):

«Գիտէք, 10 տարի եղած եմ Օննոյի հարսնացուն: Հետեւաբար բոլոր հայերը, բնականաբար,  հարազատ են ինծի»,- ըսած է ան:
Երգչուհիին  այս խօսքերը դահլիճը ծափահարութիւններով  ընդունած է:

tert.am

Scroll Up