Լրատուական Դաշտը ԱՄԷ-ի ՄԷջ. Բաց Դասախօսութիւն ԵՊՀ Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/420.jpg)
Հոկտեմբեր 19-ին Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Լրատուական դաշտը ԱՄԷ-ի մէջ» թեմայով բաց դասախօսութիւն: Բանախօսը ԱՄԷ գործող «Այգ» առցանց ռատիոկայանի ղեկավար Շաքէ Մանկասարեանն էր: Դասախօսութիւնը կ’ընդգրկէր տպագիր եւ առցանց, հեռուստատեսութիւն եւ ռատիօ, լրատուական գործակալութիւններու գործունէութեան լուսաբանման թեմատիկաները:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի կայքէն, Շաքէ Մանկասարեան ներկայացուցած է Տուպայի, Ապու Տապիի, Շարժայի մէջ գործող տպագիր մամուլի, լրատուական կայաններու` անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով գործող լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը: Խօսուած է ԱՄԷ-ի մէջ գործող լրատուամիջոցներու էթիքայի կանոնագիրքի` մասնաւորապէս արաբական երկիրներու մէջ քննադատական լրագրութեան մասին, համեմատական վերլուծութիւն տարուած է հայկական մետիա դաշտին հետ: Քննարկուած է առհասարակ Հայաստանի եւ հայկական թեմատիկայով նիւթերու ներկայացուածութեան խնդիրը ԱՄԷ-ի մէջ: Ցաւով նշած է, որ պետական կամ համայնքային մակարդակով ֆինանսական աջակցութիւն չի տրամադրուիր, գործող կայքերը, պլոկները եւ կայանները կ’աշխատին բացառապէս անհատներու միջոցով: Անոր խօսքով հայկական նիւթերու ներկայացուածութիւնը եւս շատ քիչ է Էմիրութիւններուն մէջ: Անդրադարձ ալ եթէ ըլլայ, ապա ինչ-որ կրօնական ձեռնարկներու վերաբերեալ է, որն ալ տպագիր տարբերակով կը ներկայացուի Հայկական եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ:
Այնուհետեւ ներկայացուցած է Էմիրութիւններու մէջ գործող ռատիօ եւ հեռուստատեսային կայաններու աշխատանքային գործելաոճը եւ խնդիրները: Քննարկման առարկայ դարձած է նաեւ ԱՄԷ-ի մէջ գործող հայկական համայնքի գործունէութիւնը, համայնքի խնդիրներու բարձրաձայնումը եւ լուսաբանումը հեռուստատեսութեամբ: Եւ այստեղ խօսած է համայնքի աւելի ներփակուած վիճակին մասին: Անդրադառնալով «Այգ» առցանց ռատիոկայանին` բանախօսը շեշտած է, որ ունին եւ՛ արեւելահայերէն, եւ՛ արեւմտահայերէն քսանչորսժամեայ առցանց թողարկում, ունկնդիրները աշխարհի տարբեր երկիրներէն են: Ռատիոկայանը նաեւ սերտ կը համակործակցի Ամերիկայի, Աւստրալիոյ հայկական համայնքներուն հետ, Հայաստանի հանրային ռատիոյին, «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան հետ:
Ներկայացուած է այն հիմնական հեռուստաալիքները եւ, առհասարակ, արաբական տեղեկատուական հարթակները, որոնք աշխուժօրէն կը լուսաբանեն, կ’արտացոլեն երկրին մէջ առկայ խնդիրները արագընթաց փոփոխութիւններու ֆօնին: Անոր խօսքով` արբանեակային հեռարձակումը լսարանին կ’ապահովէ ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն, եւ այստեղ ռատիոն, բնականաբար, կը զիջէ իր դիրքերը` չկորսնցնելով իր հաւատարիմ ունկնդիրները:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի ուսանողները, դասախօսական անձնակազմը, ՀՀԻ աշխատակիցները, որոնք դասախօսութեան ընթացքին աշխոյժ հարց ու պատասխանի միջոցով քննարկած են ոլորտի նմանութիւններն ու տարբերութիւնները, համեմատականներ կատարելով տարբեր երկիրներու լրատուական դաշտերուն միջեւ:
Աւելցնենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնքով ԵՊՀ ՀՀԻ-ն յառաջիկային կը նախատեսէ նմանատիպ բաց դասախօսութիւններու շարքին տալ պարբերական բնոյթ` նպատակ ունենալով ներկայացնել ոչ միայն Սփիւռքի մէջ գործող հայկական առցանց եւ տպագիր մամուլի, այլեւ տուեալ երկրին մէջ գործող մամուլի գործունէութիւնը, գործելաոճը եւ առանձնայատկութիւնները: