Դեսպան Մկրտչեան Հանդիպեցաւ Լիբանանի Կրթութեան Եւ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարին Հետ

Հոկտեմբեր 18-ին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպեցաւ Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի հետ: Այս մասին Հայերն այսօրին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Կողմերը քննարկեցին կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան աշխուժացման ուղղուած քայլերը` առանձնայատուկ կարեւոր համարելով ստորագրուած համաձայնագիրներու իրականացման ուղղուած գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը: Այդ ծիրէն ներս պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ  իրականացնելու պարբերական հանդիպումներ եւ նպատակային քննարկումներ` երկու երկիրներուն միջեւ կրթական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը խթանելու նպատակով:

Զրոյցին ընթացքին կողմերը անդրադարձան երկու երկիրներու միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ լիբանանահայ համայնքի աշխոյժ ու կառուցողական դերակատարութեան, որ տեսանելի է երկրի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Նախարարը վերյիշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով 2015թ.-ին Հայաստան կատարած իր այցը:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի ներքաղաքական զարգացումներուն:

Scroll Up