Վթարի Ենթարկուած Է Մոսկուա-Երեւան Հանրակառքը. Կան Զոհեր Եւ Տասնեակ Վիրաւորներ

Ռուսաստանի մէջ, Հիւսիսային Օսիայի տարածքին մէջ ողբերգական վթար մը տեղի ունեցած է հայերու մասնակցութեամբ. այսօր` Հոկտեմբեր 14-ին առաւօտեան ժամը 04.30-ի սահմաններուն, Վլատիկաւկազ քաղաքին մօտ, շրջադարձային ճանապարհի 8-րդ քմ-ին, Մոսկուա-Երեւան երթուղային հանրակառքը բախուած է «Սքանիա» բեռնատարին:
Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն NEWS.am-ին կը յայտնեն, որ նախնական տուեալներով, հանրակառքին մէջ եղած է 52 մարդ, որոնցմէ առնուազն 5-ը մահացած են, ներառեալ` վարորդը, 20-է աւելի մարդ տեղափոխուած է Վլատիկաւկազ քաղաքի հիւանդանոց:
Վթարի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն ներգրաւուած է 100 մարդ եւ 27 միաւոր մեքենայ:
Դեսպանատան կողմէ աշխատանքներ կը տարուին տեղի Արտակարգ իրավիճակներու գլխաւոր վարչութեան ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութեան հետ, տուժածներուն համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերելու համար: