Կարպիս Ափրիկեան-90. Փարիզի մէջ նշուեցաւ ամէնուն Մաէսթրոյին երրորդ 30-ամեակը

Այս բանաձեւումը ո՛չ երգիծանքի եւ ոչ ալ սրամտութեան նպատակ կը հետապնդէ, այլ պարզապէս՝ իրողութիւնը լաւագոյնս բնութագրելու:

Այո, Հոկտեմբեր 8-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ թերեւս նշուեցաւ 90-ամեակ մը, բայց ո՞վ կրնար հաւատալ, թէ օրուան մեծարեալը իսկապէ՛ս 90 գարունները բոլորած էր: Թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ ալ մտայնօրէն այնքա՜ն առոյգ է մեր Մաէսթրօն… «Նախանձ»-ը կ՚առթէ բոլորին:

Մեծ թիւով ներկաներ, մեծամասնութեամբ՝ «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի անցեալի եւ ներկայի անդամներ, բայց նաեւ անուանի ղեկավար-երաժշտագէտ-յօրինող Կարպիս Ափրիկեանի անձին եւ գործին նկատմամբ յարգանք եւ սէր տածողներ, ծայրէ-ծայր լեցուցեր էին Մշակոյթի Տան «Տէմիրեան» սրահը: Պէտք է ըսել, որ բացառիկ էր առիթը: 90-ամեակ, որ բազմաթիւ տասնամեակներ բոլորած կեանքէ մը անդին ու մանաւա՛նդ՝ կը յատկանշէր երկա՜ր ու երկա՜ր տարիներու վաստակ, սէ՜ր, նուիրում հայ երաժշտութեան, երգչախմբային կեանքին…

Երեկոյթը կազմակերպեր էին Կարպիս Ափրիկեանի բարեկամներու ընկերակցութիւնը (AMIGA) եւ Հայ Մշակոյթի Տունը, միասնաբար: Այս առիթով նաեւ բացումը կը կատարուէր Տան գրադարանի՝ Կարպիս Ափրիկեանի յատկացուած բաժնին, որ կը կրէ իր անունը եւ ուր ցուցադրուած են իր գործերուն եւ գործունէութեան առընչուող հատորներ:

Օրուան խօսնակի դերը ստանձներ էր իր տղան՝ Կորիւն Ափրիկեան: Բացման խօսքը արտասանեց Մշակոյթի Տան անունով՝ Ժիրայր Մոմճեան, որ ինք եւս եղած է Ափրիկեանի անհամար սաներէն:

Ապա, խօսք առաւ Մաէսթրօն: Նշելով, որ Ֆրանսայի մէջ իր ապրած տարիները եւ ծաւալած գործունէութիւնը համեմատաբար շատ աւելի ծանօթ են, քան սկզբնական՝ Եգիպտոսի մէջ իր անցուցած տարիները, նախընտրեց ծանրանալ անոնց վրայ: Աւելի քան կէս ժամ ոտքի կանգնած, —մինչ իր խօսափողը բռնող երիտասարդները կը յոգնէին ու զիրար կը փոխարինէին—, Մաէսթրօն համո՜վ յուշերով պատմեց իր պատանեկութեան տարիները, դէպի երաժշտութիւն թեքումը, առանց մոռնալու իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելու երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեանին, որ այդ ընտրութեան գլխաւոր դերակատարը հանդիսացած էր, զինք խլելով մարզական նախասիրութիւններէն:

Իրմէ ետք խօսք առաւ թեմիս անդրանիկ առաջնորդ Նորվան  արք. Զաքարեան, որ դրուատալից արտայայտութիւններով արտասանեց իր սրտի խօսքը: Յաջորդեցին «Սիփան-Կոմիտաս»-ի շրջանակէն՝ զինք մօտէն ճանչցած անձեր, որոնք մերթ յուզիչ, մերթ զաւեշտական յուշերու ալ մէջբերումներով արտասանեցին սրտի խօսքեր:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճոխ ընդունելութիւն մը, որ ներկաներուն առիթը ընծայեց ջերմ զրոյցներ ունենալու, թէ՛ իրենց միջեւ, թէ՛ ալ մեծարեալին հետ: Հուսկ կտրուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը, բաժակներ բարձրացուեցան Մաէսթրոյին կենացը:

Իսկապէս եզակի դէմք է Կարպիս Ափրիկեան, առանց չափազանցելու՝ ապրող առասպել մը… Երեւակայեցէ՛ք, ճիշդ 57 տարի ոչ միայն իր ուսերուն վրայ կրած է «Սիփան-Կոմիտաս»-ը (անշուշտ առանց ուրանալու իրեն թիկունք կանգնած անձերու վաստակն ալ), բայց նաեւ հասցուցած է անհամար երգիչներ, յօրինած է երգեր, օրաթորիօներ: Եւ այս ամբողջը՝ Սփիւռքի ծանօթ պայմաններուն մէջ:

Ձեր վարձքը կատա՛ր Մաէսթրօ…ամէնո՛ւս Մաէսթրօն…: Ձեզի կը մաղթենք ձեր կայտառութեան եւ մտային պայծառութեան նորանոր «նախանձոտ»-ներ տեսնել դեռ երկա՜ր ու երկա՜ր տարիներ:
Յ.Կ.

Նոր Յառաջ

***

Խոհեր, սրտէ բխած խօսքեր,
ուղղուած Կարպիս Ափրիկեանին, իր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ
Աւելի քան կէս դար նուիրումով, անխոնջ, «առանց դուլի ու լքումի» պիտի ըսէր մեծ գրագէտը՝ Յակոբ Օշական, դաստիարակեցիք, ղեկավարեցիք «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը, վեհանձնաբար փոխանցեցիք ձեր թանկագին գիտելիքներուն մեծ մասը, անհուն սէրը՝ հայ երգին ու երաժշտութեան։ Երախտապարտ ենք։
Բծախնդրութեամբ սորվեցուցիք անհամար գեղեցիկ, գողտրիկ երգեր… Յատուկ տեղ մը կը գրաւեն մեր սրտերուն մէջ «Սասունցի Դաւիթի Օրաթորիօ»-ն, մեր եկեղեցւոյ սուրբ եւ անմահ պատարագը, ինչպէս նաեւ փունջ մը հիասքանչ շարականները։ Երախտապարտ ենք։
Ձեր 90-րդ տարեդարձին ուրախ առիթով, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի հաւատարիմ անդամները սրտանց՝ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթեն ձեզի եւ ձեր ազնիւ տիկնոջ՝ Աննիկին։
Ապրիք ուրախ ու երջանիկ, շրջապատուած՝ հարազատներով։
Ձեր վարձքը կատա՛ր, յարգելի,սիրելի Մաէսթրօ։

«Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն՝
ԱՐՓԻՆԷ ՏԱՏԵԱՆ
2016 Հոկտեմբեր 8

Scroll Up