«Յարաշարժ Լոյս». Ամերիկահայ Լուսանկարիչներու Ցուցահանդէսին Բացումը Թէքէեան Կեդրոնին ՄԷջ

«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը եւ Photo.Podium.com ցանցային աղբիւրը կը հրաւիրեն ներկայ գտնուելու ամերիկահայ լուսանկարիչներ Թետ Անդրէասեանի եւ Նունէ Քարամեանի հեղինակած «Յարաշարժ լոյս» ցուցահանդէսի բացման, որ տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբեր 11-ին, ժամը 15.00-ին Թէքէեան կեդրոնին մէջ/Խանջեան 50/: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամէն:
Ձեռնարկին նպատակն է հայ հասարակութեան ճանաչելի դարձնել ժամանակակից լուսանկարչութեան ու հեղինակներուն , ինչպէս նաեւ այս ոլորտի վերջին նուաճումներուն: Հեղինակներուն կողմէ օգտագործուող լուսանկարչական յատուկ տեխնիկան թոյլ կու տայ արտացոլել լոյսի եւ ստուերի, սեւ-սպիտակի, պատկերներու եւ առարկաներու շատ իւրայատուկ համադրութիւնները:
Թետ Անդրէասեան եւ Նունէ Քարամեան մասնակցած են շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու Հայաստանի, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի մէջ. արժանացած մրցանակային տեղերու: