Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան Պետական Պատուիրակութիւն Մը

Երէկ առաւօտ Իրանի պետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ յարաբերութեան ու յատկապէս Իրանի հայութեան հետ աղերս ունեցող կարգ մր հարցերու քննարկումը:

Պատուիրակութիւնը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ վեհափառ հայրապետին դերակատարութեան, արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն  նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան որդեգրած քաղաքականութեան, Իրանի հայութեան եւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններու գործունէութեան մասին:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին յիշեցուց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի գործօն դերակատարութեան շնորհիւ առկայ հարցերը լուծման ընթացքի մէջ կրնան մտնել: Վեհափառը նաեւ շրջանին մէջ Թուրքիոյ բացասական ներկայութեան գծով իր մտահոգութիւնը յայտնելէ ետք յոյս յայտնեց, որ Իրան աւելի յստակ կեցուածք ճշդէ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ` յատկապէս 100-ամեակի սեմին:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up