Հայաստան Ներկայացուած Է Մարսէլի 92-րդ Ամէնամեայ Միջազգային Տօնավաճառին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/p-300x225.jpg)
Սեպտեմբեր 23-էն Հոկտեմբեր 3 Մարսէլի «Chanot» զբօսայգիին մէջ մեկնարկեց Մարսէլի 92-րդ ամէնամեայ միջազգային տօնավաճառը, որուն ծիրէն ներս Մարսէլի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հայկական տան, ֆրանս-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատին կողմէ եւ Մարսէլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հովանիի ներքոյ ներկայացուեցաւ նաեւ հայկական տաղաւար: Տաղաւարի այցելուներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, զբօսաշրջութեան, մարմնամարզութեան, առողջապահութեան, դրամատնային եւ այլ ոլորտներուն մէջ իրականացուած բարեփոխումներուն եւ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Տօնավաճառի ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 30-ը յայտարարուած էր «Հայաստանի պաշտօնական օր», որուն բացման արարողութեան մասնակցեցան Էքս-Մարսէլ-Փրովանս տարածաշրջանի նախագահ-պատգամաւոր Կի Տեսիէն, Պուշ-Տիւ-Ռոն վարչութեան գլխաւոր խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալը, Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, ԱԺ պատգամաւոր Վալերի Պուայէն, Մարսէլի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանը, Մարսէլի միջազգային տօնավաճառի գլխաւոր տնօրէն Լոիք Ֆուշոնը, Մարսէլի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հայկական տան նախագահ Կարօ Յովսէփեանը, ֆրանս-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահ Պերնար Հատեմեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին Փրովանս-Քլպ-Քոթ-տ’Ազուր մարզի քաղաքապետներ, մարզային, շրջանային եւ համայնքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի անդամներ:
Բանախօսները անձնայատուկ յիշատակեցին 1991թ. Սեպտեմբեր 22-ը, երբ Մարսէլի միջազգային տօնավաճառին ընթացքին բարձրացուեցաւ նախորդ օրը իր անկախութիւնը հռչակած Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյնը` ազդարարելով Հայաստանի տաղաւարի ստեղծումը: Ընդգծուեցաւ, որ ամէն տարի Հայաստանի տաղաւարի ներկայութիւնը իր նպաստը կը բերէ տնտեսական, մշակութային, գիտական եւ այլ բնագաւառներու մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան զարգացման: Իրենց ելոյթներուն մէջ բանախօսները նշեցին, որ այս 25 տարիներուն ընթացքին Ֆրանսան միշտ եղած է Հայաստանի կողքին եւ պատրաստ է օգնելու, աջակցելու եւ մասնակցելու իւրաքանչիւր ձեռնարկի` ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ու բարգաւաճման:
Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան նշեց, որ Պուշ-Տիւ-Ռոն շրջանը, Էքս-Մարսէլ-Փրովանս տարածաշրջանը, Մարսէլի քաղաքապետարանը մշտապէս իրենց աշխոյժ աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը ցուցաբերած են Հայաստանին, Արցախին եւ հայ համայնքին վերաբերող ձեռնարկներուն` յոյս յայտնելով, որ տօնավաճառը նոր հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ հայ-ֆրանսական տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու առաւել խթանման համար:
Երեկոն ուղեկցուեցաւ Մարսէլի Համազգային դպրոցի սաներու երաժշտական կատարումներով: