Այս Գիշեր Ատրպէյճանի Զինուժը Կիրառած Է ԴՇԿ Տեսակի Գնդացիր

Սեպտեմբեր 27-ի լոյս 28-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 450 կրակոց: ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ԴՇԿ տեսակի խոշոր տրամաչափի գնդացիր /40 կրակոց/:
ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: