Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Այցելեց Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան

Ուսումնական 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտին առիթով կրթական հաստատութիւններուն իր այցելութեանց ծիրին մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ի առաւօտուն այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ մտերմիկ պահ մը անցուց տնօրէնին, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ, անոնց ուղղելով իր հայրական պատգամը:
Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանային Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան եւ հոգաբարձութեան անդամներէն Աշոտ Մուրատեան:
Վարժարանի մուտքին, առաջնորդը եւ ընկերակիցները դիմաւորուեցան տնօրէնին՝ Դաւիթ Ղուկասեանի եւ աշակերտական խորհուրդին կողմէ: Տեղի ունեցաւ աղ ու հացի օրհնութիւն: Ապա, բոլորը ուղղուեցան վարժարանին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Տնօրէն Ղուկասեան ողջունեց առաջնորդին ներկայութիւնը, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Կիրակի օր, Ս. Խաչի Վերացման տօնին, վարժարանէն երկու աշակերտներ՝ Ալեքս Մանուկեան եւ Հրակ Հարպոյեան կը գտնուէին սրբազանին ձեռամբ դպրութեան չորս աստիճաններ ստացած ձեռնադրեալներուն շարքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ վարժարանի հայակերտումի առաքելութեան ու մեր ազգային արժէքներուն հաւատարիմ ըլլալու աշակերտներուն յանձնառութեան:
Երկու աշակերտներ ապրումով արտասանեցին «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ, տնօրէնը բեմ հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը:
Սրբազանը իր կողքին հրաւիրեց երկու ձեռնադրեալ դպիրները եւ առիթ տուաւ, որ անոնք արտայայտուին ձեռնադրութեան արարողութեան ու իրենց ապրումներուն մասին: Ապա, առաջնորդը կանգ առաւ սրահի պատին ամրացուած այն նշանախօսքին վրայ, որ կ՛ըսէ. «Լոյսի աղբիւր, յոյսի օրրան, Մեսրոպեան սուրբ վարժարան»: Ան անդրադարձաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին սրբազան աւանդին եւ շեշտեց, որ հայ աշակերտն ու հայ ժողովուրդի զաւակները պարտին հաւատարիմ մնալ այդ սրբազան ժառանգութեան, հայերէնն ու հայ գիրը պահպանեն իրենց կեանքին մէջ: Առաջնորդը նաեւ խօսեցաւ Ս. Խաչի տօնին մասին եւ յիշեցուց, որ խաչը հայ քրիստոնեային համար կենսական խորհրդանիշ է, լոյսի աղբիւր է, յոյս եւ ապաւէն, հետեւաբար, պարտինք անոր նայիլ մանաւանդ մեր նեղութիւններուն ընթացքին:
Սրբազանը յայտնեց, թէ Սեպտեմբերի վերջերուն եւ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, Արեւմտեան թեմը պատիւը պիտի ունենայ վայելելու Արամ Ա. կաթողիկոսին շնորհաբեր այցելութիւնը, տօնելու համար գահակալութեան 20րդ տարեդարձը։ Պաշտօնական հանդիսութեան բանախօսներէն մէկն է Մեսրոբեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, հետեւաբար, յորդորեց աշակերտներն ու դաստիարակները, որ ներկայ ըլլան այդ հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբեր 30ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահին մէջ նախատեսուած՝ վեհափառ հայրապետին հետ պատանիներու եւ երիտասարդներու հանդիպումին: Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը «Երկիր 2 Yergir» ալպոմէն օրինակ մը նուիրեց վարժարանին:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազանին Պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ, առաջնորդը այցելեց վարժարանին մանկապարտէզն ու նախակրթարանի դասարանները, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան, մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ մանուկներուն եւ աշակերտներու հետ:
Կէսօրին, տնօրէնութիւնը ճաշով հիւրասիրեց սրբազանն ու յարգելի հիւրերը:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: