ԳՐԱԿԱՆ-ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԻՆ

«Ծաղիկ» գրական-ազգային շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 10-ամեակին ընդառաջ, հովանաւորութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական-ազգային շաբաթաթերթի, Չորեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2013թ., երեկոյեան ժ. 8-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ (Անթիլիաս, 5-րդ հարկ) տեղի կունենայ գրական- գեղարուեստական երեկոյ՝ նուիրուած պոլսահայ ժամանակակից մեծ բանաստեղծ ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻԻ կեանքին ու գրական վաստակին:
Գլխաւոր հիւր-բանախօսն է Դոկտ. Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեան (բանաստեղծուհի, գրականագէտ, հայագէտ, բանասէր)՝ յատուկ այս առիթով հրաուիրուած Փարիզէն: