Պուլկարիոյ Սիլիսթրա Քաղաքի Հայկական Համայնքը Տօնեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տօնը

Օգոստոս 20-ի երեկոյեան Պուլկարիոյ Սիլիսթրա քաղաքի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ  հաւաքուած էին բազմաթիւ հայեր` տօնելու եկեղեցւոյ տօնը: Անոնցմէ  մաս մը կը մասնակցէր մատաղի պատրաստման արարողութեան, միւսները սեղաններու շուրջ ուրախ տօնախմբութիւն  կազմակերպած էին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսի մշակութային հարցերով խորհրդական Աղաւնի Գէորգեան:

Ինչպէս իւրաքանչիւր տարի, այս տարի եւս քաղաք  այցելած էր Փլովտիւի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան: Փլովտիւ քաղաքի «Սիրուն» վոկալ խումբը հայկական գեղեցիկ կատարումներով հաճելի պահեր պարգեւեց հաւաքուածներուն: Ուրախ երգերն ու տօնախմբութիւնը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:

Կիրակի առաւօտեան ներկաները մասնակցեցան պատարագի, որ մատուցեց  Ռուսէի քահանայ Տէր Հատաւեան: Վերջինս պատարագի աւարտէն ետք օրհնեց մատաղն ու խաղողը, որ բաժնուեցաւ ներկաներուն:

սիլիսդրասիլիսդրա1սիլիսդրա2սիլիսդրա3սիլիսդրա4սիլիսդրա5

 

Scroll Up