Թուրքիան Պէտք Է Ներողութիւն Խնդրէ Պոնտոսի Ցեղասպանութեան Համար. Յունաստանի Նախագահ

Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսը յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրէ Պոնտոսի ցեղասպանութեան համար:
Ինչպէս Արցախփրէսի փոխանցմամբ` կը հաղորդէ Աթէնքի մէջ հրատարակուող «Էքաթիմերինի» թերթը, այս մասին Յունաստանի նախագահը յայտարարած է Տրապիզոն գտնուող Պոնտոսի յոյներու հոգեւոր կեդրոն յունական ուղղափառ Փանիա վանքին մէջ ամէն տարի Օգոստոսին իրականացուող Սուրբ Մարիամին նուիրուած պատարագը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արգիլուելու կապակցութեամբ:
Ըստ թերթին, նախագահ Փաւլոփուլոսը ըսած է. «Յոյն ազգը պէտք է շարունակէ պայքարը, քանի դեռ Թուրքիան պաշտօնապէս չէ ճանչցած Պոնտոսի ցեղասպանութիւնը եւ յանցագործներու թոռները ազնուօրէն ներողութիւն չեն խնդրած յոյներէն»:
Յունաստանեան թերթը գրած է, որ 1914-1923 թուականներուն թուրքերը մօտ 370 հազար պոնտոսցի յոյն սպաննած են, Յունաստան 1994 թուականին պաշտօնապէս ճանչցած է Պոնտոսի ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի Մայիս 19-ին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւններ կը կազմակերպէ:
Թերթը գրած է, որ Յունաստանի նախագահը խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն Տրապիզոնի Փանիա վանքին մէջ Սուրբ Մարիամին նուիրուած պատարագը արգիլելու համար: