ՀՄԸՄի Ամերիկայի Արեւելեան Շրջանի Նաւասարդեան Խաղերը՝ Շիքակոյի Մէջ

ՀՄԸՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի 26րդ Նաւասարդեան խաղերը տեղի ունեցան Շիքակոյի մէջ, Ուրբաթ, Յուլիս 1էն սկսեալ մինչեւ Երկուշաբթի, Յուլիս 4, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շրջանի կապ Հրաչ Մեսրոպեանի եւ հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄի Շիքակոյի մասնաճիւղին:

Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերուն ընթացքին դաշտերու վրայ, պանդոկի միջանցքներուն եւ ամէնուրեք ՀՄԸՄական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի տասը մասնաճիւղերէն՝ Ալպընի, Ֆլորիտա, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Ուաշինկթոն, Պոսթըն, Տիթրոյիթ, Փրովիտընս, Ֆիլատելֆիա եւ հիւրընկալ Շիքակօ: Նաեւ, ՀՄԸՄ Գանատայէն իր մասնակցութիւնը բերաւ Թորոնթոյի մասնաճիւղը: Մարզիկները իջեւանեցան «Ուեսթին Շիքակօ» պանդոկին մէջ, ուր հիւրընկալուեցան ՀՄԸՄի Շիքակօ մասնաճիւղին կողմէ, որ այս առիթով ճիգ չէր խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտ ստեղծելու:

Մրցումները տեղի ունեցան «Ուիթըն Աքատեմի» եւ «Փրայրի Սթոն» մարզական համալիրներուն մէջ: Իսկ, ձեռնարկները եւ տողանցքը կատարուեցան «Ուեսթին Շիքակօ» պանդոկին մէջ։

Յունիս 30ին, բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ ժամանեցին Շիքակօ, ուր տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը՝ բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները:

Նաւասարդեան մարզախաղերը սկսան Ուրբաթ Յուլիս 1ին եւ տեւեցին մինչեւ Կիրակի Յուլիս 3, 2016, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան մարզիկ-մարզկուհիներու դասակարգերով:

Կիրակի, Յուլիս 3ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահէ Թանաշեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային մարզական յանձնախումբին, Շիքակոյի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին, ենթայանձնախումբերուն եւ բոլոր անդամներուն, ընտանիքներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք ամիսներ շարունակ անսակարկ եւ նուիրումով աշխատեցան այս խաղերու յաջողութեան համար:

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ խօսք առաւ Վազգէն Այվազեան: Ան ողջունեց ՀՄԸՄի հաստատաքայլ երթը շրջանին մէջ՝ նշելով, թէ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն, յանձին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, կու գայ անգամ մը եւս ողջունելու Արեւելեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային Նաւասարդեան խաղերը, որոնք այս տարի իրենց 26ամեակը կը բոլորեն:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեան, իր կարգին, շեշտեց թէ, ՀՄԸՄականը պիտի շարունակէ գործել եւ անոր ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու յատկապէս պատասխանատու մարմիններուն երկար եւ հետեւողական աշխատանքի, ճիգի ու քրտինքի արդիւնքն է, այս մրցաշարքին կազմակերպումը։

Վերջին խօսք առնողը եղաւ առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան: Սրբազանը նախ շնորհաւորեց 26րդ Նաւասարդեան խաղերու յաջողութիւնը, եւ իր խրախուսիչ պատգամով գովքը հիւսեց 98 տարեկան երիտասարդ ՀՄԸՄին: Ան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան՝ շեշտեց, որ ՀՄԸՄը հայ երիտասարդին կու տայ հայու ինքնութիւն, հաւատարմութիւն մեր ազգային արժէքներուն, ու փոքր տարիքէն անոր կը սորվեցնէ կարգ ու կանոն եւ յարգանք օրէնքի նկատմամբ:

Ապա տեղի ունեցաւ խմբային խաղերու ախոյեան խումբերու բաժակատուչութիւնը՝ Շրջանային մարզական յանձնախումբին կողմէ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016ի առաւօտեան, «Ուեսթին Շիքակօ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան 26րդ մարզախաղերուն փակման հանդիսութիւնը:

Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում բոլոր մասնակցող մասնաճիւղերուն, Շրջանային մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սուլագեանի կողմէ:

Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք:

Scroll Up