Հայ Թագուհիներու Նուիրուած Ֆիլմի Ներկայացում

Յուլիս 27ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ թագուհիներու նուիրուած եւ Տիգրան Խզմալեանի բեմադրած՝ «Armenian Queens։ From Goddess to Slave» անգլերէն ֆիլմի ցուցադրութիւնը։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Հայ կանանց ցանցին կողմէ, իսկ անոր աւարտին տեղի պիտի ունենայ քննարկում։
Մասնակցութեան սակը 5 տոլար է, իսկ «Ապրիլ» գրատան հասցէն՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։ Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 645-5571 թիւին։