ԱՀՄԷՏ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ. «ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԿ Է ՎԵՐՋ ՏԱԼ «ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐՈՒ ԳՐԱՒՄԱՆ»»

Ինչպէս վեր­ջերս անդրա­դառ­նա­լու առի­թը ու­նե­ցանք, Թուրքիոյ պե­տական ներ­կա­յացու­ցիչներ հետզհե­տէ աւե­լի յա­ճախ կ՚ար­ծարծեն Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բնա­կանո­նաց­նե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը: Բայց ար­դեօ՞ք ատի­կա ան­կեղծ փա­փաք է… Ամէն պա­րագա­յի, ինչ կը վե­րաբե­րի Թուրքիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Ահ­մէտ Տա­ւու­թօղլուին՝ կաս­կա­ծելի է, ի տես՝ այդ փա­փաքին իրա­գոր­ծումը ու­րիշ բարդ կնճի­ռով մը պայ­մա­նաւո­րելու կե­ցուած­քի յամառութեան:

Այսպէս, Զուիցե­րիա կա­տարած իր այ­ցի ըն­թացքին, պա­տաս­խա­նելով Հա­յաս­տա­նի հետ ստո­րագ­րուած զիւ­րի­խեան ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու 4րդ տա­րեդար­ձին առըն­չուող հար­ցումին, Ար­տա­քին գոր­ծոց թուրք նա­խարա­րը յայ­տա­րարած է. «Ատոր հա­մար պէտք է լու­ծուին Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող խնդիր­նե­րը, եւ յատ­կա­պէս, ղա­րաբա­ղեան հար­ցը Հա­յաս­տա­նի եւ Ազէր­պայճա­նի մի­ջեւ, ինչպէս հաեւ անհրա­ժեշտ է վերջ տալ «ազէր­պայճա­նական հո­ղերու գրաւ­ման» (չա­կերտնե­րը մերն են – «ՆՅ»)»:

Թուրք նա­խարա­րը Զուիցե­րիոյ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է այդ հար­ցին մէջ ցու­ցա­բերած աջակ­ցութեան հա­մար: “Չորս տա­րի առաջ մենք լուրջ փոր­ձեր կա­տարե­ցինք ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու յա­ջողու­թեան հա­մար: Կը յու­սանք, որ այդ ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը դեռ չեն կորսնցու­ցած իրենց ար­դիակա­նու­թիւնը: Բայց Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարա­նի որո­շու­մէն վերջ կա­րելի չե­ղաւ զա­նոնք իրա­գոր­ծել: Յա­ռաջի­կային մենք աւե­լի սերտ աշ­խա­տանք կը տա­նինք այդ ուղղու­թեամբ: Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման պա­րագա­յին, բնա­կան է, որ հայ-ազէր­պայճա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն զու­գա­հեռ, կը լու­ծուին ար­դէն նշուած բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ” եզ­րա­փակած է Տա­ւութօղլու:

Նոր Յառաջ

Scroll Up