Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊԱՈԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Նախարարը յանձնարարեց առաւել հետեւողականօրէն իրականացնել «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրները` կարեւոր համարելով մասնակիցներու անվտանգութեան, դասընթացներու պատշաճ կազմակերպման հետ կապուած հարցերը եւ ժամանակին բացայայտել եւ լուծել առկայ խնդիրները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարած ընթացիկ աշխատանքները եւ յառաջիկայ ընելիքները:
Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու ատոնց լուսաբանումը:
Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: