ԼՂՀ ԱԳՆ Ղեկավարը Ընդունած Է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Փորձնակները

Յուլիս 4-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է ամառնային կամաւորական ծրագիրի ծիրէն ներս ճանաչողական այցով Արցախ ժամանած Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) փորձնակները:
ՂՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` հանդիպման ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ներկայացուցած է ԼՂՀ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական խնդիրներու լուծման ուղղուած ԱԳՆ գործունէութեան առանձնայատկութիւնները:
ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ պատասխանած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցերու: