Լեհաստանի Վրոցլաւ Քաղաքին ՄԷջ Բացուած է Լուովի Հայկական Եկեղեցւոյ Նուիրուած Ցուցահանդէս

2016 թուականի Յունիս 23-ին Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի ճարտարապետութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուովի հայկական տաճարը եւ ատոր կերտողները» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկանանք Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեանի ֆէյսպուքեան էջէն:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին եւ բացման խօսքով հանդէս եկան Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, Վրոցլաւի քաղաքապետ Ռաֆալ Տուտկեւիչը, Գրաքովի մշակոյթի միջազգային կեդրոնի տնօրէն, փրոֆէսոր Եացեկ Պուրչլան: Արարողութեան կը մասնակցէին նաեւ շարք մը անուանի գիտնականներ, ինչպէս նաեւ Գրաքովի մշակոյթի միջազգային կեդրոնի խորհուրդի անդամ, Վարշաւայի թագաւորական ամրոց-թանգարանի տնօրէն փրոֆէսոր Անժէյ Ռոտերմունտը, Վրոցլաւի հեղինակաւոր գործիչներ, մտաւորականներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Իր ելոյթին մէջ դեսպան Է.Ղազարեան նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այցելել 2016 թուականի Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Վրոցլաւ` մասնակցելու հայկական մշակոյթի բացառիկ գլուխ գործոցներէն մէկուն, հայ-լեհական քրիստոնէական արժէքներուն վրայ խարսխուած պատմական մշակութային ժառանգութեան վառ օրինակ հանդիսացող Լուով հայկական եկեղեցւոյ նուիրուած ցուցահանդէսին: Դեսպան Է.Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի իշխանութիւններուն, մշակութային կեդրոններուն` Լուովի հայկական եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին, վերջին տարիներուն անոնց ջանքերով եւ ֆինանսական աջակցութեամբ իրականացուած հսկայածաւալ վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման, ինչպէս նաեւ ատոնց արդիւնքները ներկայացնող ցուցահանդէսի նախաձեռնութեան եւ կազմակերպման համար:
Վրոցլաւի մէջ ցուցահանդէսը կը շարունակէ գործել մինչեւ 2016 թուականի Սեպտեմբերի 4-ը, որմէ ետք այն կը ներկայացուի նաեւ Լեհաստանի այլ քաղաքներու մէջ: