«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ փառատօներու նշանաւոր կազմակերպիչ, ինչպէս նաեւ լիբանանցի արուեստագէտները արաբական աշխարհ եւ միջազգային բեմեր հասցուցած Թորոս Սիրանոսեանը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մշակութային վաստակին:

Հաղորդավար Հալա Հատտատի ներկայացուցած «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Սիրանոսեան անդրադարձաւ լիբանանցի արուեստագէտները դէպի միջազգային կարեւորագոյն բեմերը առաջնորդելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ միջազգային նշանաւոր արուեստագէտներ հրաւիրելու իր դերակատարութեան:

Թորոս Սիրանոսեան ակնարկեց 1987-ին հիմնուած «Լիբանանեան արուեստի տուն» կեդրոնին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ լիբանանցի արուեստագէտները ծանօթացնել աշխարհին: «Այս կեդրոնին շնորհիւ Լիբանանէն դուրս կայացած փառատօներուն ընթացքին լիբանանցիներուն համեմատութիւնը հասաւ 70 առ հարիւրի, մինչդեռ այդ կեդրոնին հիմնադրութենէն առաջ միջազգային փառատօներուն ներկայ լիբանանցիներուն համեմատութիւնը կը հասնէր 30 առ հարիւրի», ըսաւ ան:

Սիրանոսեան անդրադարձաւ լիբանանեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած ցաւալի իրադարձութիւններուն` ընդգծելով, որ անիկա վատ ազդեցութիւն ունեցած է իր աշխատանքին վրայ եւ պատճառ դարձած, որ ինք նիւթական վնասներ կրէ:

Սիրանոսեան յայտնեց, որ ինք իր մօրմէն ժառանգած կտակէն որոշ մաս մը վաճառած է` արուեստը քաջալերելու նպատակով:

Թորոս Սիրանոսեան պատմեց նաեւ տարբեր փառատօներու ընթացքին քուլիսներու ետին պատահած հետաքրքրական եւ զաւեշտական դէպքերուն մասին` նշելով, որ ինք ոչ մէկ արուեստագիտուհիի նկատմամբ սիրահարութիւն ապրած է: «Եթէ կար անձ մը, որուն կրնայի սիրահարիլ, ապա ան արուեստագիտուհի Միրէյ Մեթիւն էր, որովհետեւ մտերիմ բարեկամներ էինք եւ երկար ատեն միասին աշխատեցանք», շեշտեց Սիրանոսեան:

Ան յուզուեցաւ, երբ ակնարկեց իր հայկական ինքնութեան` շեշտելով, որ «Վանայ Ձայն»-ի կողմէ կատարուած այս պարգեւատրումը ամէնէն աւելի իր սրտին կը խօսի:

Սիրանոսեան իր կեանքը ամփոփեց մէկ նախադասութեան մէջ. «Քարանթինայի թիթեղածածկ տան մը մէջ ապրող երեխայ մը, որ հասաւ աշխարհի կարեւորագոյն բեմերը»:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up