Հրայր Թերզեանի Անուան Փողոց՝ Իտալիոյ Վերոնա Քաղաքին Մէջ

16 Յունիսին, Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ կայացաւ փողոցի մը անուանակոչութիւնը։ Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանի անունով։

Արարողութեան ներկայ էին Վերոնայի քաղաքապետ Ֆլավիօ Տոզի, Վերոնայի համալսարանի վերատեսուչ Նիքոլա Սարթոր, Վերոնայի շրջանի փոխնախագահ Անտրէա Սարտելլի, Իտալիոյ Հայերու միութեան նախագահ Մինաս Լուրեան, յայտնի գրող եւ Հրայր Թերզեանի նուիրուած կենսագրական գիրքի հեղինակ Անթոնիա Արսլան, բազմաթիւ ուսանողներ եւ դասախօսներ, ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ Վերոնայի բնակիչներ։

Միջոցառման մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղեց Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, որ նշեց թէ Հրայր Թերզեան մէկն է հազարաւոր այն հայերէն, որոնք, որպէս Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակ, ո՛չ միայն չյուսահատեցան, այլ նաեւ պահպանելով հայկական ինքութիւնը՝ կրցան նուիրուիլ նոր հայրենիքին, ուր յարգանքի ու գնահատանքի արժանացան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վերոնա քաղաքի ու համալսարանի ղեկավարութեան։

Վերոնայի քաղաքապետ Ֆլավիօ Տոզի նշեց, որ Թերզեանի անունով կը կոչուի այն փողոցը, ուր յառաջիկային պիտի հաստատուի համալսարանի մասնաճիւղերէն մէկը։ Այս քայլը յարգանքի տուրք է ո՛չ միայն վաստակաշատ գիտնականին, այլ նաեւ Վերոնայի ու Իտալիոյ հայ համայնքին, որ ամրօրէն կապուած է իր արմատներուն։

Վերոնայի համալսարանի վերատեսուչ Նիքոլա Սարթոր խօսեցաւ Հրայր Թերզեանի մասին, նշելով, որ ան իր ամբողջ եռանդն ու գիտելիքները ներդրած էր համալսարանի կայացումը եւ յառաջընթացը ապահովելու գործին մէջ։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up