Վալանսի շրջանին մէջ ամէնօրեայ դպրոց մը հիմնելու նպատակով կազմուած է ընկերակցութիւն մը

Երկար տարիներու լճացումէ ետք, այնպէս կը թուի, թէ Ֆրանսահայութիւնը, գոնէ անոր մէկ հատուածը սթափած է, թմբիրէն արթնցած եւ անդրադարձած է նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, կը գրէ Նոր Յառաջ::

Մեզի ա՛յդ է, որ մտածել կու տան վերջին շրջանին հասնող իրերայաջորդ ուրախ լուրերը: Արդարեւ, նախ բացումը կատարուեցաւ Ալֆորվիլի նոր՝ «Հ. Արապեան» կրթահամալիրին, ապա նոր թափ տրուեցաւ Իսիի Թարգմանչաց վարժարանին՝ Համազգայինի հետ գործակցութեան դաշինքի կնքումով, այնուհետեւ՝ վերջին օրերուն ինչպէս մեր թերթի սիւնակներուն մէջ ալ անդրադարձանք՝ յայտարարուեցաւ Ալֆորվիլի վերոնշեալ կրթահամալիրին մէջ միջնակարգ վարժարանի յետագայ բացման լուրը:

Իսկ ներկայիս, մեզի յղուած մամլոյ հաղորդագրութենէ մը կ՚իմանանք, թէ Վալանսի մէջ հայկական ամէնօրեայ կրթարան մը հիմնելու հեռանկարով կազմուած է ընկերակցութիւն մը՝ AGEFAV (Վալանսի ֆրանքեւհայկական վարժարանի յանձանձման ընկերակցութիւն):
Վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք.-
«Անոր [AGEFAV-ի] նպատակն է հիմնել Հանրապետութեան կրթօճախներու արժէքներուն բոլորովին յարիր՝ բազմալեզու որակաւոր կրթութեան ամէնօրեայ վարժարան մը։
Կրթարանը շեշտը պիտի դնէ նաեւ բազմաթիւ լեզուներու, ներառեալ՝ հայերէնի ուսուցման վրայ, որպէսզի ապահովուի երախային իմացական զարգացումը եւ ինքութենական հաւասարակշռութիւնը։
Ծրագիրը կ՚իրագործուի APCAF-ի (Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթի տարածման ընկերակցութիւն) հետ, որուն կը նախագահէ Թեմիս անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, նաեւ հովանաւորութեամբ՝ Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոնին։
Ֆրանքեւհայկական ապագայ դպրոցը պիտի հաստատուի Ս. Սահակ հայ մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։
Տեղեկատուական հանրային ժողով մը պիտի գումարուի ներկայութեամբ՝ Նորվան արք.ի, ինչպէս նաեւ APCAF-ի այլ ներկայացուցիչներու, Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոնի ընդհանուր վարչութեան եւ AGEFAV-ի, որ տեղի պիտի ունենայ 2016 Յուլիս 3-ին, Վալանսի Սուրբ Սահակ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ 12, rue de la Cécile, Valence (մուտքը՝ պարտէզի կողմէն, Սէն-Ժոզէֆի ճամբէն)։
AGEFAV-ի գրասենեակ (Շաղիկ Յովսէփեան, Համբիկ Յովսէփեան, Մարի-Անժ Սիրանոսեան, Թամար Սիրանոսեան, Ստեփան Համալեան)»։

Scroll Up