Դարձնենք Մեր Մեսրոպատառ Հայերէնը Աւելի Ճանչցուած

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Մոսկուայի «Высшая школа экономики»-ի Հայկական ակումբի անդամներու տարածած հողորդագրութիւնը.
«Մենք` հայրենիքէն դուրս ծնած ու մեծցածներս, ինչպէս նաեւ այստեղ ուսանողներս, լաւ կը գիտակցինք մայրենիի չիմացութեան կամ աստիճանաբար մոռնալու խնդիրը: Կայ նաեւ մէկ ուրիշ պահ. ոմանք հայերէնը միայն լսողութեամբ կ’ըմբռնեն, այսինքն` չեն տիրապետեր գրել-կարդալուն: Հետեւաբար, չեն կրնար իմանալ, թէ որն է արդեօք ճիշդ ու մաքուր մայրենին:
Մենք` Մոսկուայի «Высшая школа экономики»-ի Հայկական ակումբի անդամներս, մտահոգ ըլլալով վերոնշեալ խնդիրներով` մեր գաղափարները ի կատար ածելու ընթացքին եկանք այն եզրակացութեան, որ հարկաւոր է լեզուի մատուցման այնպիսի ձեւ, որ առանց ժամանակ վատնելու` հայերէնը դառնայ պարզ ու մատչելի:
Սիրելի հայրենակիցներ, ուրախ կ’ըլլանք մեր մտորումներուն ու ամէնօրեայ զբաղմունքին արդիւնքը ներկայացնել Ձեզի: Ուստի, կը հրաւիրենք միանալ մեր BarBar (http://instagram.com/bar_bararan) ծրագիրին, որպէսզի միասին դարձնենք մեր մեսրոպատառ հայերէնն ու հայկականը աւելի ճանչցուած ու մատչելի: Մենք անհամբեր կը սպասենք Ձեզ, Ձեր հարցերուն եւ առաջարկներուն:
Հրամեցէ՜ք..»: