Սուրիահայ Բժիշկը Արցախի Մէջ Կ’իրականացնէ Անվճար Վիրահատութիւններ
Հայերն այսօրը կը փոխանցէ, որ ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կ’իրազեկէ հանրապետութեան բնակչութեան, որ սոյն թուականի Յունիս 15-էն 19 սուրիահայ բժիշկ Ճանի Հատտատի կողմէ ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Շուշիի շրջանային բուժմիաւորում» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մէջ անվճար կ’իրականացուի ընդհանուր վիրաբուժական վիրահատութիւններ:
ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդած տեղեկութեան համաձայն` ցանկութիւն յայտնողները կրնան ներկայանալ «Շուշիի շրջանային բուժմիաւորում» ՓԲԸ` նախապէս հետազօտուելու եւ հերթագրուելու նպատակով: