Գերմանացիներուն 74 %-ը կ՚ողջունէ Պունտեսթակի որոշումը

Գերմանական ծանօթ Der Spiegel շաբաթաթերթին համար «ARD-Deutschlandtrend»-ի կողմէ կատարուած հարցազրոյցին արդիւնքներէն կը պարզուի, որ Գերմանացիներուն մեծամասնութիւնը կ՚ողջունէ հայկական բանաձեւին ընդունումը:
Այսպէս, Գերմանացիներուն 74%-ը Հայերու տեղահանումին եւ բնաջնջումին Պունտեսթակի կողմէ որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը ճիշդ կը համարէ:
Հարցապնդուածներուն ճնշող մեծամասնութիւնը Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան կայուն գործընկեր չի համարեր: Գերմանացիներուն 91 տոկոսը չի վստահիր Էրտողանի կողմէ ղեկավարուող Թուրքիոյ:
Անոնց միայն 18 տոկոսը սխալ համարած է խորհդարանին կողմէ բանաձեւին ընդունումը եւ 7 տոկոսը այն կարծիքը յայտնած է, որ Թուրքիան վստահելի գործընկեր է:
Միեւնոյն ժամանակ` հարցապնդուծներուն 89 տոկոսը պահանջած է, որ Թուրքիան նախ եւ առաջ գործադրէ Եւրոպական միութեան կողմէ դրուած պայմանները եւ յետոյ միայն պահանջէ առանց վիզայի մուտքի կարգը: Եւ միայն 7 տոկոսը այն կարծիքը յայտնած է, որ պէտք է ընդառաջ երթալ Թուրքիոյ պահանջներուն, որպէսզի Եւրոպական միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ փախստականներու հարցով ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը չձախողի: