Պուշ Տիւ Ռոնի Շրջանի Պատուիրակութիւնը Կը Ժամանէ Հայաստան

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Պուշ տիւ Ռոնի շրջանի նախագահ տիկին Մարթին Վասալի հետ:
Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` հանդիպման ընթացքին քննարկած են Յունիս 18-21 շրջանի պատուիրակութեան Հայաստան կատարելիք այցին հետ կապուած երկկողմ հետաքրքրող հարցեր:
Հանդիպման մասնակցած էր նաեւ Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան: