Կայացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի Շուշի Պարախումբին Ելոյթը
3 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Շուշի պարախումբին ելոյթը, որ յաջողեցաւ ներկաները համակել հայ պարի խրոխտութեամբ ու նազանքով եւ գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահերով:
Նախկին սաներ Լորի Եթերեանի եւ Թալին Փաչանեանի բացման խօսքերուն մէջ նշուեցաւ, որ պարը արուեստի կարեւորագոյն տեսակներէն է, որ իր մէջ կը խտացնէ ազգի մը պատմութիւնը, անոր անցեալն ու ներկան, անոր երազանքներն ու ձգտումները: Այս առիթով անոնք յատկապէս յիշեցին պարարուեստի նուիրեալ, անժամանակ կեանքէն հեռացած պարոն Յարութ Գարաճեանը, որուն ջանքերով էր, որ ծնունդ առաւ Շուշի պարախումբը 2004-ին:
Ելոյթը բացուեցաւ հայկական աւանդական ռազմապարով՝ Եարխուշտայով, որուն առնական ոգին արտայայտեցին Մեսրոպեան Նախկին սաներու խմբակին անդամները, արձագանգ հանդիսանալով վերջին շրջանին Արցախի մէջ կերտուած հերոսապատումին եւ ի յիշատակ ինկած զոհերուն:
Այնուհետեւ Շուշի պարախումբի Նախկին սաներու, միջակ տարիքի եւ փոքրերու խմբակները առանձնաբար ներկայացուցին ընդհանուր թիւով 17 պարեր։ Պարացանկը գրեթէ ամբողջութեամբ բաղկացած էր հայկական պարերէ՝ ինչպէս աւանդական, նոյնպէս եւ արդի մշակումներով: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Աւարայր (Փոքրեր), Գովք Ֆետայիին (մտայղացումը՝ Աւետիս Գարաքէշիշեանի, Նախկին սաներ), Բալիկ (Միջակներ), Գաւառական (Նախկին սաներ), Հայաստանը Մենք Ենք (Փոքրեր), Տապքէ (Միջակներ), Ուզունտարա (Նախկին սաներ), Նորահարսիկ (Միջակներ), Թամզարա (Փոքրեր), Դու Հեռու Ես – կատակ պար (Նախկին սաներ), Ճէյ հօ (Միջակներ), Շալախօ (Նախկին սաներ), Գնչուական (Փոքրեր), Սարդարապատ (Նախկին սաներ) եւ Ծաղիկներ (Միջակներ) պարերը: Ելոյթը եզրափակուեցաւ միասնական խումբով կատարուած՝ Հայաստանի Երգ պարով:
Ելոյթի փակման խօսքին մէջ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, շնորհակալութիւն յայտնեց Շուշի պարախումբի միջակ տարիքի եւ նախկին սաներու խմբակներու պարուսույց տիկին Սարին Արթինեան Տեմիրճեանին եւ փոքրերու պարուսույց պարոն Աւօ Գարաքէշիշեանին, նուիրումով ու սիրով կատարուած գործին եւ արձանագրուած արդիւնքին համար: Ան նաեւ գնահատեց պարախումբի բոլոր անդամներուն եւ վարչական օգնականներուն աշխատանքը՝ այս իրագործումին մէջ: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ բարի զուգադիպութեամբ մը Շուշի պարախումբի ելոյթը տեղի ունեցաւ մթնոլորտի մը մէջ, ուր ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը նշէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նորագոյն նուաճումը, որ արձանագրուեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի յայտնի որոշումով: Ան ըսաւ, որ նոր սերունդին կողմէ ազգային արուեստի յիշողութիւնը պահպանելն ու տարածելը լաւագոյն պատասխանն է ցեղասպանին եւ լաւագոյն ապացոյցը՝ անոր ծրագիրի ձախողութեան: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը հպարտ է իր աշակերտներով, որ ահաւասիկ կը թնդացնեն Հայաստանի ձայնը՝ նաեւ պարերով եւ այդպիսով կրողները կը դառնան ազգի անմահ ոգիին:
Նշենք, որ Մեսրոպեան վարժարանի Շուշի պարախումբը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ Նախկին սաներու, միջակ տարիքի եւ փոքրերու խմբակները, որոնք ունին ընդհանուրը 42 անդամներ:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի