ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ Մարզախաղերու Յաղթական Երթը Կը Շարունակուի

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերը մեծ ոգեւորութեամբ սկիզբ առին պասքեթպոլի մրցումներով, 21-22 Մայիսի շաբաթավերջին, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով մրցող խումբերուն եւ մարզասէր հասարակութեան մօտ: Բնականաբար, Շրջանային վարչութեան տարեկան մեծագոյն այս աշխատանքը մարզական մրցումներով չի սահմանափակուիր:

ՀՄԸՄի ղեկավարները, հայ երիտասարդութեան սրտին խօսող այս մրցումները առաւել արժեւորելու եւ անոնց յաղթանակները վայելելու հեռանկարով, 41 տարիներ առաջ փառայեղ գաղափարը յղացած էին՝ մրցումներուն առընթեր կազմակերպելու նաեւ Նաւասարդեանի բացման հանդիսութիւնը, Յաղթանակի պարահանդէսը, չորսօրեայ փառատօնը եւ այս բոլորը եզրափակող փակման հանդիսութիւնն ու շքերթը:

Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները լաւապէս կազմակերպելու համար, Շրջանային վարչութիւնը նշանակած է յանձնախումբ մը, որ արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր աշխատանքի լծուած էր, գլխաւորութեամբ՝ Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սագօ Կարապետեանի:

Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասին մանրամասնութիւնները հանրութեան փոխանցելու նպատակով, հանդիպում մը ունեցանք Կարապետեանի հետ:

«Շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը ոտքի է, լաւապէս ու ինքնավստահութեամբ կազմակերպելու Նաւասարդեան յաղթանակները յատկանշող բոլոր աշխատանքները եւ ինչո՛ւ չէ նաեւ՝ մասնակցելու անոնց: Կասկածէ վեր է, որ շրջանի հայութիւնը եւս համախմբուած պիտի մասնակցի այս բոլորին, առաւել արժեւորելու եւ թիկունք կանգնելու համար 98ամեայ ՀՄԸՄին ու անոր հոգածութեան յանձնուած սերունդներուն», մեծ ոգեւորութեամբ փոխանցեց Կարապետեան:

Ան նաեւ աւելցուց, թէ Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Կիրակի, 13 Մարտ 2016ին. անոր ընթացքին, հանգամանօրէն հանրութեան ներկայացուած է այս տարուան Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած ՀՄԸՄականները՝ տէր եւ տիկ. Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեանները, որոնք առանձին յօդուածով ներկայացուած են արդէն հանրութեան:

Նաւասարդեանի գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մարզական մրցումներուն դժուարին պարտականութիւնը վստահուած է Շրջանային Մարզական խորհուրդին, որուն աշխատանքներուն առանձին կ՛անդրադառնանք հետագային: Մնացեալ աշխատանքներուն համար նշանակուած են ենթայանձնախումբեր, որոնց պատասխանատուները միասնաբար կը կազմեն Նաւասարդեանի գլխաւոր յանձնախումբը: Այսպէս.

41րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման հանդիսութեան պատասխանատու նշանակուած էր Սիմա Կարապետեան,

Փառատօնի՝ Վահէ Օհաննէսեան

Փակման հանդիսութեան՝ Դալար Գալստեան

Յաղթանակի պարահանդէսի՝ Սիմա Կարապետեան

Հաշուապահ՝ Թոմաս Տէօքմէճեան

Քարոզչութեան՝ Րաֆֆի Ցնծալեան

Ծանուցման գրքոյկի՝ (ՀՄԸՄի) Գրասենեակ

Փառատօնի յայտագիրի՝ Սիւզի Մինոյեան

Մուտքի պատասխանատու՝ Ռազմիկ Սիմոնեան

Գոյքապահ՝ Վարդգէս Շխըրտմեան:

Այս տարի Նաւասարդեան մարզախաղերը նուիրուած են Արցախի Հանրապետութեան, առ ի յարգանք բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով պաշտպանեցին եւ կը շարունակեն պաշտպանել հանրապետութեան սահմանները՝ ապահովելով անոր անկախութիւնը:

Մարզական մրցումները պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ, գլխաւորաբար «Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլ»ի մարզադաշտերուն վրայ, պահանջեալ հարկին նաեւ՝ «Փըսիֆիք» կեդրոնի, ՀՄԸՄի «Արարատ», «Մասիս» եւ «Սիփան» մասնաճիւղերու մարզադաշտերուն վրայ:

Նաւասարդեան չորսօրեայ փառատօնը հարուստ է գեղեցիկ անակնկալներով. անիկա իր դռները պիտի բանայ Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2016ի կէսօրէն ետք ժամը 4ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, 3 Յուլիսի երեկոյեան, նոյն վարժարանի շրջափակէն ներս։ Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը սիրայօժար պիտի բերեն շրջանի արուեստագէտները: Անոնք իրենց հրամցուցած ժողովրդային, ազգային եւ յեղափոխական երգերով փոքրիկ Հայաստանի մը պիտի վերածեն վարժարանի շրջափակը: Փառատօնի բացման եւ փակման օրերը առաւել պիտի ճոխանան հրավառութեամբ, իսկ փառատօնի մանրամասնութիւններուն մասին օրը օրին տեղեակ պիտի պահուի հանրութիւնը ընկերային մամուլով:

Այս տարի եւս, փառատօնի համադամ ճաշերուն պատասխանատուութիւնը վստահուած է ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն եւ անոնց հասոյթը պիտի տրամադրուի մասնաճիւղերու հոգածութեան յանձնուած մարզական եւ սկաուտական շարքերու կարիքներուն: Իսկ անոնց առընթեր առեւտրական կրպակները առաւել պիտի ճոխացնեն փառատօնի շրջապատը։

Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 25 Յունիսի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ. ընթացքին, Նաւասարդեան 40րդ պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները պաշտօնապէս իրենց պատասխանատուութիւնները պիտի փոխանցեն Նաւասարդեանի 41րդ պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեաններուն: Յատուկ արարողութեամբ մը անոնք պիտի փոխանակեն կարեւոր այդ պատասխանատուութիւնը խորհրդանշող եռագոյն երիզները:

Նոյն երեկոյին, պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի նաեւ Շրջանային վարչութեան կողմէ «Տիպար ՀՄԸՄական-2016» տիտղոսին արժանացած վաստակաշատ ՀՄԸՄական Գօգօ Մկրեանը:

Բազմաթիւ շաբաթավերջերու վրայ երկարող մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած Նաւասարդեան ձեռնարկներուն եզրափակումը պիտի կատարուի յատուկ հանդիսութեամբ մը՝ Կիրակի, 3 Յուլիս 2016ին, կէսօրէն ետք ժամը 6:30ին, «Պըրմիկնհամ Չարթըր Հայ Սքուլ»ի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ։ Անոր ընթաքին, հպարտալի հաստատակամութեամբ պիտի տողանցէ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը՝ իր հոգածութեան յանձնուած մարզական եւ սկաուտական շարքերով, որոնք նաեւ պիտի ստանձնեն իրենց շաբաթներու պայքարի արդիւնքը հանդիսացող յաղթանակի բաժակները: Այնուհետեւ, Նաւասարդեան տօնախմբութիւնը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս:

Նաւասարդեանի մուտքի սակ որոշուած է 10 տոլար՝ իւրաքանչիւր անձի համար: Նաւասարդեան խաղերուն եւ ձեռնարկներուն մասին ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցող սոյն հանդիպման աւարտին, Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հարիւրաւոր այն կամաւորներուն, որոնք նուիրումով օգտակար կը հանդիսանան Նաւասարդեան ձեռնարկներու յաջողութեանց: Շրջանային վարչութեան անունով, ան նաեւ յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի բոլոր նուիրատուներուն, հովանաւորներուն եւ համակիրներուն, որոնք հաւատք կ՛ընծայեն ՀՄԸՄին եւ զանազան միջոցներով կը նպաստեն անոր վերելքին:

Եզրակացնելով՝ ան հրաւիրեց շրջանի հայութիւնը խուռներամ մասնակցելու Նաւասարդեան բոլոր ձեռնարկներուն եւ քաջալերելու անոնց մասնակից երիտասարդութիւնը:

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ասպարէզ

Scroll Up