«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Սատարել Արցախի Առողջապահական Ոլորտը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/Ambulances-for-Artsakh.jpg)
«Հայաստան» Հիմնադրամը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել Արցախի առողջապահական ոլորտի խնդիրներու լուծման. ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Ֆրանսահայ համայնքի միջոցներով շտապօգնութեան 2 մեքենայ, իսկ Ֆրանսայի եւ Պրազիլի մեր հայրենակիցներու համատեղ ջանքերով շուրջ 13 թոն դեղորայք տրամադրուած է ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան: Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Օգնութիւն Արցախին» հեռուստամարաթօնի աւելի քան 1.1 մլն ԱՄՆ տոլար հասոյթն ալ, որուն մաս կազմած են նաեւ ֆրանսահայերու, պրազիլահայերու, Թորոնթոյի եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներու նուիրատուութիւնները, կ’ուղղուի Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Հիմնադրամի մամլոյ ծառայութենէն:
Օրերս ալ բժշկական սարքեր նուիրաբերուած են Արցախին, մասնաւորապէս` Ֆրանսահայ համայնքի միջոցներով ձեռք բերուած է հեմոտիալեզի 2 սարք, բրիտանահայերուն կողմէ` սոնոկրաֆիայի սարք, յունահայերու կողմէն ալ` պուլսօքսիմեթր, 50 եռոտանի, 20 պատգարակ: