«Մարդկային Ոգիին Յաղթանակը»

Հոգեկան վայելքի աննախընթաց երեկոյ մը հանդիսացաւ Կիրակի, 21 Մայիս 2016ի երեկոն, երբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը՝ համագործակցութեամբ Փասատինայի Նազովրեցի եկեղեցւոյ հայկական բաժանմունքին, հպարտութեամբ ներկայացուց համայնքային նուագահանդէս մը, Փասատինայի Առաջին Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ:
Համայնքային այս նուագահանդէսը նուիրուած էր 20րդ դարու ցեղասպանութեանց զոհ դարձած բոլոր նահատակներուն: Սակայն անոնք որոնք փրկուեցան Աստուածային հրաշքով մը, ոչ միայն վերապրեցան, այլեւ իրենց կամքի ուժով եւ տքնաջան աշխատանքով, ծաղկեցան ու համայն մարդկութեան առջեւ դատապարտեցին արիւնարբու գազանները:
«Մարդկային Ոգիին Յաղթանակը» ոգեկոչող համայնքային այս նուագահանդէսի ղեկավարն էր պուլկարահայ յայտնի եւ սիրուած երաժշտագէտ Արթօ Չիֆճեան: Ան 8 տարի ղեկավարած է Պուլկարիոյ Rousse քաղաքի պետական օփերան, իսկ հիւրաբար ղեկավարած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբն ու Յունաստանի Սելանիք (Թեսաղոնի-կէ-Խմբ.) քաղաքի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը: Այս իր առաջին ելոյթն էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասերէ: Առաջին մասը յատկացուած էր Պեթհովենի եւ Վերտիի նախերգութեանց (overtures), ինչպէս նաեւ Վերտիի եւ Չուխաճեանի մենակատարութեանց (arias): Իսկ երկրորդ մասը յատկացուած էր Պեթհովենի 7րդ սիմֆոնիին:
«Սաթամեան» թատերախումբի ատենապետ տքթ. Գրիգոր Սիմոնեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ բնութագրելէ ետք օրուան նպատակը, հրաւիրեց Նազովրեցի եկեղեցւոյ հայկական բաժանմունքի հովիւ Մանօ Ակիւլեանը, որ աղօթքով մը ընթացք տայ յայտագիրին:
Պեթհովենի «Էկմոն»չ նախանուագը (Egmont overture) պատմութիւնն է ազնուականի մը՝ Էկմոնթ անունով, որ մահը աչքը առնելով կը պայքարի յանուն արդարութեան եւ ազգին ազատագրութեան ու նահատակուելով՝ կը դառնայ ազգային հերոս:
Լուսինէ Տանիէլեան հանդէս եկաւ մենակատարութեամբ մը (aria) Վերտիի «Աիտա» օփերայէն: Ան ապա ելոյթ ունեցաւ ներկայացնելով Լիոնորայի մենակատարութիւնը, La Forza del Destino օփերայէն:
Լուսինէ Տանիէլեան ծնած է Երեւան: Ան իր կատարողական արուեստի ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ, վկայուելով նախ որպէս դաշնակահար, ապա որպէս սոփրանօ: 2008-10, ան իր ուսումը կատարելագործած է Պուլկարիոյ համալսարանի ձայնամարզութեան բաժանմունքին մէջ: 2012էն սկսեալ, ան անդամ է Պուլկարիոյ Ruse պետական օփերային՝ որպէս մենակատար:
Ռաֆայէլ Թելունց հանդէս եկաւ երկու ելոյթներով՝ նախ մենակատարութեամբ մը Simon Boccanegra օփերայէն, ապա մենակատարութեամբ մը «Արշակ Բ.» օփերայէն:
Ռաֆայէլ Թելունց փայուն ապագայ խոստացող երիտասարդ մենակատար մըն է: Ան ծնած է Երեւան եւ փոքր տարիքէն հետեւած է ջութակի դասընթացքի, Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: 17 տարեկանին, ան հետեւած է ձայնամարզութեան՝ Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ, իսկ ընտանիքին հետ Ամերիկա փոխադրուելէ ետք՝ ան ուսումը կը շարունակէ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանին մէջ: Ան զաւակն է հանրածանօթ մենակատար Ռուբէն Թելունցի:
Վերտիի «Նապուքօ» նախանուագը (overture to the Nabucco opera) պատմութիւնն է հրեաներու չարչարանքին եւ արտաքսման Բաբելոնէն, Նապուքոթոնոսոր թագաւորի օրով:
Կարճ դադարէ մը ետք ընթացք առաւ յայտագիրին երկրորդ մասը: Պեթհովենի 7րդ սիմֆոնին յօրինուած է 1812ին եւ հանրութեան ներկայացուած յաջորդ տարի, Վիեննայի մէջ: Անիկա բաղկացած է չորս մասերէ (movements) եւ ըստ ժամանակակից քննադատներուն՝ անիկա իր ինը սիմֆոնիներէն լաւագոյնն է: Ռիչըրտ Ուակներ կոչած է զայն «Պարի Փառաւորումը», թէեւ անոր էութիւնը պարային չափաւորութինն է: Իսկ Չայքովսքի եզրակացուցած է իր ակնարկութինը ըսելով, որ չորրորդ շարժումը կը բաղկանայ շարք մը պատկերներէ, որոնք լի են ցնծութեամբ, երջանկութեամբ եւ կեանքի հաճոյքով:
Խմբաւար Չիֆճեան՝ մոգական իր ցպիկով, կրցաւ տիրապետել նուագախումբի գործիքային մէն մի խմբակի վրայ, ստեղծելով ներդաշնակ եւ դիւթող համանուագ մը, արժանանալով հանդիսատեսներու գնահատանքը արտայայտող յոտնկայս ծափահարութեանց: Փորձի դադարի ընթացքին, երբ կը զրուցէի խմբավարին հետ, ջութակահար մը մօտեցաւ իրեն եւ ըսաւ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ձեզի հետ գործակցիլը»։
Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ յայտագիրի բծախնդիր պատրաստութիւնը կը պարտինք ՀԲԸ Միութեան գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Սաթամեանի եւ խմբավար Արթօ Չիֆճեանի սերտ գործակցութեան, որոնք ջանք չխնայեցին լաւագոյնը ներկայացնելու շրջանիս մշակութասէր հասարակութեան: Իսկ ես անվերապահօրէն պիտի աւելցնէի՝ ան որ դասական երաժշտութիւնը կը սիրէ եւ կամայ թէ ակամայ ներկայ չգտնուեցաւ, վայելքի իսկական պահեր ապրելէ զրկուեցաւ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: