Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016ի առաւօտուն, Քուէյթի թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար Գառնիկ Մկրտիչեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ շրջանի վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական տիար Յակոբ Պետիրեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան գաղութին առնչուող ծրագիրներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրները, մանաւանդ` 2018ին Միութեան 100ամեակի տօնակատարութեան պարագան։ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան բարձր գնահատեց միութեան աշխարհասփիւռ գործունէութիւնը, յատկապէս Քուէյթի Մեկուսի Շրջանէն ներս։

Աւարտին Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին:

10

Scroll Up