«Հայերէնախօսութիւն». Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Հայ Դատի Գ. Խորհրդաժողովը

Ապրիլ 27, 2016ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանը վերջին տարիներու գեղեցիկ աւանդոյթին համաձայն հիւրընկալեց Հայ Դատի Գ. խորհրդաժողովը՝ նուիրուած «Հայերէնախօսութիւն» նիւթին: Խորհրդաժողովը կը միտէր մտածել տալ հետեւեալ հարցին մասին. ինչպէ՞ս տարածել հայերէն խօսակցական լեզուի գործածութիւնը՝ գրական, գեղարուեստական եւ թուային ոլորտերուն մէջ:

UCLA համալսարանի դասախօսներ Շուշան Կարապետեան եւ Յակոբ Կիւլլիւճեան իրենց նախաբաններով թափ տուին միօրեայ 11 տարբեր աշխատանիստերուն: Դասախօսներու շարքը կը կազմէին ուսուցիչներ, դոկտորականի թեկնածու ուսանողներ, արուեստագէտներ, համայնքի առաջնորդներ եւ ծանօթ անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ CSU Long Beach-ի դասախօս Դալար Շահինեան, արուեստագէտ եւ գրող Վահէ Պէրպէրեան, ընկերային համացանցի ծանօթ անձնաւորութիւն Արման Մարգարեան: Իւրաքանչիւր աշխատանիստ կ՛ընդգրկէր տարբեր նիւթ՝ կապուած «Հայերէնախօսութիւն» թեմային, զոր օրինակ՝ «Թուային աշխարհ եւ հայ լեզուն», «Հայերէնը՝ ապրող լեզու», «Գեղարուեստական արտադրութիւն» եւ «Մանկական եւ երիտասարդական գրականութիւն»: Շուրջ 185 «Փիլիպոս»ի եւ 30 «Ֆերահեան»ի աշակերտներ առիթը ունեցան մասնակցելու երկու տարբեր աշխատանիստերու:

Աշխատանիստը, զոր ես վարեցի, կը կոչուէր «Դիմադրել մեր վախերը, տիրանալ լեզուին». անիկա կը կեդրոնանար վախի կամ ամօթի այն հարցերուն վրայ, որոնց պատճառով մարդիկ եւ յատկապէս երիտասարդները կը վարանին կամ կը դադրին հայերէն գործածելէն. օրինակ՝ չեն կրնար մաքուր հայերէն խօսիլ, քերականական կամ ուղղագրական սխալներ կը գործեն, հարուստ բառապաշար չունին խօսելու լեզուային զանազան տիրոյթներու (language domains) մէջ, եւ այլն… Այս աշխատանիստին նպատակն էր այս վախերը բնորոշել, ապա նուաճել զանոնք:

0517hayeren3

«Մաքուր» գաղափարին հետ կապուած վախը ապակառուցելու համար փաստուեցաւ, որ «մաքուր» հայերէնը շինծու բան է, որ երբե՛ք չէ գոյացած: Ըստ գերմանացի լեզուաբան հայագէտ Հենրիխ Հիւփշմանի ուսումնասիրութիւններուն՝ գրաբարի բառապաշարը 40-60 առ հարիւր շարադրուած է բառերով, որոնք միջին պարսկերէնէն փոխարինուած էին: Ուրեմն, նոյնիսկ մեր հին գրաբար լեզուն «մաքուր» չէր եղած: Աշխարհաբարի պարագային, Հրաչեայ Աճառեան զայն գրաբարի շարադրութեան հետ բաղդատելով կը փաստէ, որ աշխարհաբարի շարադրութիւնը շատ ազդուեցաւ թրքերէնէն: Օրինակի համար, հետեւեալ նախադասութեան մէջ, կարելի է տեսնել, որ գրաբարի շարադրութիւնը հնդեւրոպական այլ լեզուներու պէս էր (այս օրինակին մէջ՝ անգլերէնի պէս), բայց աշխարհաբարի շարադրութիւնը փոխուած է թրքերէնի ազդեցութեամբ. այսպէս՝

գրաբար.- Տեսի զթռչունն, որ երգէր ի վերայ ծառոյն:

անգլերէն.- I saw the bird that was singing on the tree.

աշխարհաբար.- Ծառին վրայ երգող թռչունը տեսայ:

թրքերէն.- «Աղաճըն իւստիւնտէ էօթեն քուշը կէօրտըմ».

Վերի նախադասութիւններուն նայելով՝ պարզ է, որ աշխարհաբար շարադրութիւնը գրաբարէն տարբերած է՝ թրքերէնի ազդեցութեամբ։

Նաեւ, Աճառեանի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, 19րդ դարու Պոլսոյ բառբարը 4000 բառ փոխարինած է թրքերէնէն, թէպէտ շատ աւելի նուազ փոխարինութիւններ կային գաւառներու բառբարներուն մէջ: Այս փաստերուն լոյսին տակ մեծ խնդիր չէ՛, եթէ այսօրուան երիտասարդ խօսողները քանի մը բառեր գործածեն անգլերէնէն, կամ՝ ռուսերէնէն, արաբերէնէն, ֆրանսերէնէն, եւ այլն: Շատ բնական եւ տարածուած երեւոյթ մըն է այս, բոլոր լեզուներու պարագաներուն. նոյնիսկ անգլերէնի պարագային կը գործածուին բաւական շա՛տ բառեր, որոնք ֆրանսերէն կամ լատիներէն ծագում ունին:

Ապա խօսուեցաւ հայերէնը զարգացնելու ձեւերուն մասին: Նախ, մեր խօսակցական լեզուն գեղեցիկ է այնպէ՛ս, ինչպէս որ է. բառբարները, որոնք կը խոտորին, գրականէն աւելի գեղեցիկ են եւ կը հարստացնեն մեր մշակոյթը: Շատ կարեւոր է, որ խօսակցական եւ գրական լեզուները տարբերուին. այսինքն, մեծ խնդիր մը չէ, եթէ բարձր մակարդակի հայերէն չխօսուի, այլ՝ որքա՛ն կարելի է, պէտք է փորձենք գրական հաստատուած օրէնքները յարգել գրութեան ժամանակ։ Այլ խօսքով, հայերէն սորվելուն նպատակը մեր խօսակցականը գրականով փոխարինելը չէ՛, այլ մեր գիտելիքները լրացնելն է գրականո՛վ. իսկ ամենալաւ ձեւը, որով կրնանք զարգացնել ու լրացնել մեր հայերէնը, կարդա՛լն է:

Ըստ լեզուաբան Սթեֆեն Քրաշենի (Stephen Krashen) ուսումնասիրութիւններուն՝ «Ազատ կամաւոր կարդալը» («Free voluntary reading») ամենալաւ ձեւերէն մէկն է, որով անձ մը կրնայ իր բառապաշարը, գրելու կարողութիւնը, ուղղագրութիւնը եւ քերականութիւնը զարգացնել: Իր ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ Քրաշեն կը փաստէ, թէ անձ մը որքա՛ն ժամեր պէտք է կարդայ, որպէսզի իր բառապաշարը 1000 բառերով ուռճացնէ. այսպէս՝ 2000ով զարգացնելու համար բառապաշարը, մէկը պէտք է 22 ժամ կարդայ, 3000ի հասնելու համար՝ ուրիշ 33 ժամ (55 ժամ ամբողջը). 4000ի՝ ուրիշ 56 ժամ (111 ամբողջը), 5000ի՝ առաւել 167 ժամ (390 ամբողջը)… Եւ շատ հետաքրքրական է այն, որ կարեւոր չէ բարձր գրականութիւն կարդալ: Կարդա՛լն է կարեւորը, այլ ոչ թէ նիւթը, նոյնիսկ՝ առանց բառարանի: Աւելի ուշ կարելի է բարձր գրականութիւն կարդալ, բայց նախ՝ կարդա՛լ, եւ կարդալ այն, ինչ հետաքրքրական է ընթերցողին համար։

Շատ բաներ չեն փոխուիր մէկ օրով. ծրագիրի մը կարի՛քը կայ. եթէ ուզենք հայերէնի գործածութիւնը տարածել, ապա պէտք է նախ գտնել խնդիրները, ապա առաջարկել լուծումները եւ կատարել փոփոխութիւնները: Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն մէջ ամենամեծ ախտը հայերէն չկարդալն է՝ գոնէ գրողիս կարծիքով:

Օրուան սկիզբը Յակոբ Կիւլլիւճեան խօսեցաւ «վճռական զանգուած» գաղափարին մասին, այսինքն՝ ընթերցողներու եւ գրողներու մտաւորական այն համայնքը, որուն կարիքը կայ, որպէսզի լեզուն առողջ ըլլայ, մշակուի եւ փոխանցուի յաջորդ սերունդին: Որպէս սկիզբ, կ՛առաջարկեմ, որ ամէն ազգային դպրոցի մէջ, ամէն աշակերտ կարդայ երկու վէպեր՝ դպրոցական տարեշրջանին, մէկը արեւմտահայերէն եւ միւսը արեւելահայերէն: Այսպիսի գիրքեր, որոնք առօրեայ լեզուով կը գրուին եւ մատչելի են սովորական աշակերտի մը համար, կրնան ըլլալ «home run book» մը, ինչպէս կը կոչեն ուսումնասիրողները կարդալու այն առաջին փորձառութիւնը կամ հաճոյքը, զոր կ՛ունենայ ընթերցող մը:

Նաեւ, ամէն դպրոց պէտք է ունենայ «Հայ գրականութեան վկայագիր», որ կը տրուի ընտիր աշակերտներու, որոնք կը մասնակցին հայերէն կարդալու եւ գրելու յատուկ ծրագիրին: Աշակերտը կամաւոր պիտի մասնակցի եւ պիտի ստանայ վկայականը՝ 10 գիրք կարդալէն ետք (կրնան ըլլալ քանի մը տարբեր վկայականներ՝ 10 գիրքերու համար, 15 գիրքերու համար, 20 գիրքերու համար…): Նաեւ, այս աշակերտները պէտք է քանի մը շարադրութիւններ կամ յօդուածներ գրեն իրենց կարդացածներուն մասին, կամ ունենան իրենց ստեղծագործական գրութիւնները՝ հայերէնով:

Նիկողոս Սարաֆեանի խօսքով՝ «Երիտասարդութիւնը լաւագոյն տարրն է ազգի մը»: Մասնակցողները համոզուած են, որ Սփիւռքի ապագան կախեալ է երիտասարդներու մօտեցումէն՝ «Հայերէնախօսութիւն» գաղափարին: Այլեւս չենք կրնար սպասել Միջին Արեւելքէն կամ Հայաստանէն գաղթած մեր ժողովուրդին՝ գաղութները հզօրացնելու համար: Մենք՝ հոս ծնած երիտասարդներս, պիտի ըլլանք Սփիւռքն ու հայ կեանքը մշակողները, լեզուին տիրացողները, մշակոյթի արտադրողները:

ՃԵՍԻ ԱՐԼԷՆ

Ասպարէզ

Scroll Up