BBC-ի Անդրադարձը Կը Վկայէ` Ատրպէյճանը Չի Յաջողիր Մոլորեցնել Արեւմտեան Մամուլը

Մայիս 3-ին BBC.com-ի մէջ լոյս տեսած «Լեռնային Ղարաբաղ. BBC-ին այցելած է ճակատի ատրպէյճանական կողմ» յօդուածը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ որքան ալ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փորձեն ուղղորդել միջազգային լրատուամիջոցները իրենց ցանկութիւններուն համահունչ, միեւնոյնն է` յատկապէս Արեւմուտքէն ժամանած լրագրողները հակուած չեն աչք փակելու ակնյայտ իրողութիւններուն վրայ եւ վերածուելու քարոզչական գործիքներու:

Ըստ Panorama.am-ի՝ խնդրոյ առարկայ հրապարակման հեղինակը իր նիւթին մէջ հարկ համարած է ընթերցողին տեղեկացնել, որ ապրիլեան 4-օրեայ պատերազմի աւարտէն միայն 20 օր յետոյ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արտօնած են արեւմտեան լրագրողներուն այցելել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանային հատուած` յիշեցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու եւ իրադարձութիւնները տեղւոյն վրայ լուսաբանելու հնարաւորութիւն ունեցած են Ապրիլի սկիզբը` բուն իրադարձութիւններու ընթացքին:

Այնուհետեւ լրագրողը կ՝ակնարկէ, որ Ատրպէյճանի մէջ իշխանութիւնները սահմանափակած էին իրենց հնարաւորութիւնները:

«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մեզ եւ քանի մը այլ լրագրողներու զգուշօրէն կազմակերպուած այցի ծիրէն ներս տարաւ քանի մը գիւղ եւ երկու հիւանդանոց»,- իր նիւթին մէջ կը նշէ հեղինակը եւ կը փաստէ, որ ատրպէյճանցիներէն մէկը իր զոհուած եղբօր նկարը ձեռքին սպասելած է իրենց, մինչեւ զինք եւ միւս լրագրողները տեղափոխող հանրակառքը մօտենայ իրենց:

Հարկ է նկատել, որ հեղինակը իր գրիչով առ ոչինչ դարձուցած է քարոզչական նպատակներով լրատուական-պտոյտ կազմակերպած Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքերը:

Ան հակամարտութեան առնչուող թէ՛ եզրաբանութեան, թէ՛ քարոզչական թեզերու կիրառման հարցով դրսեւորած է անկողմնակալութիւն եւ իրավիճակը նկարագրած է առարկայականօրէն: Օրինակ` խուսափած է պնդել, թէ հակամարտութեան կողմ է Հայաստանը, եւ չնայած ատրպէյճանցի զրուցակիցներու պնդումներուն, ընգծած է, որ խօսքը Հայաստանի աջակցութիւնը վայելող Լեռնային Ղարաբաղի մասին է. «Հայաստանը կը յայտարարէ, որ անմիջական ներգրաւուածութիւն չունի հակամարտութեան մէջ եւ որ վիճելի տարածք Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը պայքարին իրենց ինքնորոշման իրաւունքի իրացման համար»:

Լրագրողի շարք մը այլ ձեւակերպումներ եւս, ինչպէս օրինակ «Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ճակատային գիծ», «Ատրպէյճանը հակամարտութիւնը շատ տարբեր կը մեկնաբանէ, բայց այդ հակամարտութիւնը ունի հին եւ բարդ պատմութիւն»,- նոյնպէս կը հետապնդէ Ատրպէյճանի միակողմանի պնդումները չեղարկելու խնդիր:

Ամփոփելով պէտք է արձանագրենք, որ արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու լրագրողները, չնայած որոշ շահերու, հաւատարիմ են իրենց դաւանած արժէքներուն: Ասիկա իր հերթին կը վկայէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հաշուարկները սխալ են բոլոր ուղղութիւններով, որուն մասին կը վկայեն ոչ միայն ռազմական ու քաղաքական, այլեւ տեղեկատուական ոլորտին մէջ գործած սխալները:

Scroll Up