Ամերիկայի «Հայ Դատի» Յանձնախումբը ԱՄՆ-ին Կոչ Կ’ընէ Դատապարտելու Թրքական Յարձակումները Կարօ Փայլանի Դէմ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որմով կոչ կ’ընէ ԱՄՆ իշխանութիւններուն դատապարտելու թրքական յարձակումները քրտամէտ կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ:

Գանատայի Հորիզոն պարբերականի փոխանցմամբ` իր յայտարարութեան մէջ Համբարեան նշած է, որ նմանօրինակ կոչով հանդէս  եկած էր նաեւ Սթամպուլի մէջ թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն առաջ:

Յիշեցնենք, որ թրքական խորհրդարանին մէջ բախումներն ու ծեծկռտուքը սկսած են ուրբաթօրեայ նիստէն յետոյ, ուր քննարկուած է պատգամաւորներու անձեռնմխլիութեան օրինագիծը: Ծեծկռտուք տեղի ունեցած է նաեւ երէկ եւ այսօր:

 

Scroll Up