Միսլատայի Մշակոյթի Տան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Սպի» Շարժանկարի Ցուցադրութիւնը

Արարատ Հայկական Միութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկեցին Հայոց ցեզասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները: այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վալենսիոյ «Արարատ» հայկական միութենէն:
Ապրիլ 22-ին Միսլատայի Մշակոյթի Տան մէջ տեղի ունեցաւ “Սպի” շարժանկարի Սպաներէն տարբերակի (“El padre”) ցուցադրումը, որուն ներկայ էին շուրջ 200 հայ, սպանացի եւ այլազգի հանդիսատեսներ Վալենսիայէն, Միսլատայէն, Գարքախէնտէն, Մանիսեսէն, Գույէրայէն, Սիյայէն եւ մարզի այլ քաղաքներէն:
Ձեռնարկի բացման խօսքը վերապահուած էր միութեան Երիտասարդական հարցերով փոխնախագահ Սարգիս Փրսոյեանին, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Միսլատայի քաղաքապետարանին` նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար, քաղաքապետարանի ներկայացուցչութեան ու բոլոր ներկաներուն, ապա հակիրճ ներկայացուց ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու այս ձեռնարկի նշանակութիւնը:
Այնուհետեւ Սարգիս Պրսոյեան խօսքը տուաւ հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեանին, որ հակիրճ ներկայացուց շարժանկարը` նշելով այն կարեւոր հանգամանքը, որ շարժանկարի բեմադրիչը թուրք Ֆաթիհ Աքինն է: Նախագահը շեշտեց շարժանկարի հիմքին ինկած հայ ընտանիքի հզօրութիւնն ու միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ հայու տեսակի անկոտրում կամքը, ապրելու բուռն ցանկութիւնն ու յոյսը:
Շարժանկարը մեծ տպաւորութիւն ձգեց յատկապէս օտարազգի հանդիսատեսին վրայ, որոնցմէ շատերը խոստովանեցան նիւթին անտեղեակ ըլլալու մասին:
Յառաջիկայ օրերուն կը սպասուին նոր ձեռնարկներ, ներառեալ` Ապրիլ 24-ին Վալենսիոյ եւ Միսլատայի մէջ իրականացուելիք երթ-ցոյցը, որ կ’աւարտէ “Կենաց խաչ” յուշարձանին մօտ` մոմավառութեամբ ու խնկարկութեամբ:
(Սպանիա):