Նունէ Եսայեանի երգահանդէսը ի նպաստ Համազգային-Թարգմանչաց երկլեզու վարժարանին

Կիրակի Ապրիլ 17ին փարիզեան շրջան Իսի-լէ-Մուլինոյի «Palais des Congrès-ի «Պերլիոզ» ընդարձակ եւ գեղեցիկ սրահին մէջ աւելի քան 800 մասնակիցներ վայելեցին Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի, ՀՄԸՄ-Ֆրանսի եւ Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած Նունէ Եսայեանի երգահանդէսը։ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած եւ աշխարհի չորս ծայրերը ներկայացուած համերգներու շարքին վերջինն էր (15րդը) այս մէկը, որուն ձեռնարկած էր հայրենի երգչուհին, հասոյթը նուիրելով իւրաքանչիւր գաղութի ճշդած բարեսիրական նպատակին։ Արդարեւ Ֆրանսայի պարագային ցերեկոյթը կազմակերպուած էր ի նպաստ Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց երկլեզու վարժարանին։
Կազմակերպիչ երեք միութիւններու անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Հուրիկ Պաղտասարեան եւ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ն. Եսայեանին իր սիրայօժար մասնակցութեան համար եւ ապա ողջունեց ներկաները յանձինս՝ Իսիի, Մէօտոնի եւ Վանվի քաղաքապետներ յաջորդաբար՝ Անտրէ Սանթինիի, Էրվէ Մարսէյլի, Պէրնար Կոտիւշոյի, փոխքաղապետներ եւ քաղաքապետական խորհրդականներ՝ Արթիւր Խանճեանի, Պէրնար տը Գարէրի, Արտա Գալայճեանի, Ժագլին Մինասեանի եւ Փասքալ Վրթանէսեանի, Հայաստանի դեսպանատան կողմէ՝ Վահագն Աթաբէկեանի, ռազմական կցորդ՝ Գարեգին Մարգարեանի եւ հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեանի, CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի, Փարիզի եւ Ալֆորվիլի եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր՝ Յուսիկ Քհնյ. Սարգսեանի եւ Տիրայր Քհնյ. Գըլըճեանի, Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ Վեր. Ժոէլ Միքայէլեանի, Նախկին Ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեանի, գաղութիս հայկական կազմակերպութիւններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ սրահը լեցուցած հարիւրաւոր հանդիսականներուն։
Տիկին Պաղտասարեան յայտնեց թէ երեւոյթը ինքնին բացառիկ է հետեւեալ պատճառներով. նախ՝ առաջին անգամ ըլլալով միասնական նպատակի մը շուրջ երեք ընկերակցութիւններ կը միացնեն իրենց ուժերը, երկրորդ՝ 100 տարի անց մենք աւելի քան երբեք կը պահանջենք ցեղասպանութեան ճանաչումը, քանի որ այդ ոճիրին անպատժելիութեան հետեւանքով է որ այսօր բարբարոսութեան դաշտը փոխադրուած է Արցախ, ուր մեր զինուորները հերոսական պայքար կը մղեն։ Անդրադառնալով կրթական եւ դպրոցական հարցերուն բանախօսը ըսաւ թէ՝ «դպրոցը, գիտութիւնը եւ ուրիշի նկատմամբ յարգանքը բռնութեանց դէմ միակ պատուարներն են եւ միայն ուսուցման եւ դաստիարակութեան ճամբով կարելի է ժողովրդավարութիւն հաստատել»։ Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իսիի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանին որ այս ծրագրի յաջողութեան կարեւոր դերակատարներէն է եւ քաղաքապետարանին մօտ կը հանդիսանայ հայ համայնքին լաւագոյն ներկայացուցիչը։ Ան նաեւ մեծապէս դրուատեց քաղաքապետ Պրն. Անտրէ Սանթինին որու երկարամեայ ջանքերուն եւ աջակցութեան շնորհիւ է որ այսօր գոյութիւն ունի եւ կանգուն է Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը։
Հուրիկ Պաղտասարեան գնահատելով նաեւ 20ամեայ վարժարանի հիմնադիր Զատիկ Ասլանեանի, վարչական եւ ծնողական խորհուրդներու, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներու աշխատանքը, ուրախութեամբ ընդգծեց թէ վարժարանը այսօր առաւել հզօրացած է միանալով 1928ին հիմնադրուած Համազգայինին, որ աշխարհի տարածքին 46 մասնաճիւղ ունի եւ կը ղեկավարէ չորս երկլեզու դպրոցներ, որոնցմէ երկուքը Ֆրանսայի մէջ։ Համազգային-Թարգմանչացը կը վայելէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի հովանաւորութիւնը, որ հիմնուած է Պոլիս 1918ին եւ ունի 103 մասնաճիւղեր ու 26.000 անդամներ։
Բանախօսը արտայայտուեցաւ նաեւ հայերէնով եւ նշեց թէ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը վերելքի ճամբուն վրայ կը գտնուի եւ կրնայ միա՛յն «բարձրանալ ու բարձրացնել»։ Ան ժողովուրդը հրաւիրեց դպրոց այցելելու, ծանօթանալու կրթօճախի ուսուցչական կազմին ու ղեկավարութեան հետ եւ կոչ ըրաւ ծնողներուն որ յաջորդ վերամուտին իրենց զաւակները դպրոց արձանագրեն։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ քաղաքապետ Պրն. Անտրէ Սանթինի եւ ինչպէս միշտ իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայ համայնքին խստօրէն դատապարտեց Ազէրպայճանի յարձակումը Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ քննադատեց բոլոր այն երկիրները որոնք զէնք կը վաճառեն Ազէրպայճանին։ Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախի նահատակ զինուորներու յիշատակը։ Դրուատեց հայկական կազմակերպութիւնները որոնք միշտ ալ դժուար օրերուն միասնական ճակատով օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն իրենց հայրենակիցներուն։ Իր խօսքը աւարտեց երկար կեանք մաղթելով Հայաստանին, Արցախին եւ Ֆրանսային։ Բեմին վրայ քաղաքապետին կ՚ընկերակցէին Արթիւր Խանճեան եւ դպրոցին տնօրէնը Վազգէն Տէտէեան։
Հուսկ, բեմը տրամադրուեցաւ Նունէ Եսայեանին, որ հայ երգարուեստէն ընտրանի մը հրամցուց հանդիսատեսին։ Իւրաքանչիւր երգին առընթեր պատկերներ կը տողանցէին բեմին խորքը զետեղուած պաստառին վրայ։ Մեր հայրենիքը խորհրդանշող տեսարաններ՝ Հայաստանը, Արցախը, բայց նաեւ Անին իր կիսաքանդ եկեղեցիներով, ասմունքով ներկայացուած Վահագնի ծնունդը, Սայեաթ Նովան, Կոմիտասը, ազատամարտիկները, Ցեղասպանութեան զոհերը, Ծիծեռնակաբերդը իր յաւերժական կրակով եւ ի վերջոյ Ղարաբաղի սահմանները իրենց արեան գինով պաշտպանող զինուորները…։ Երգչուհիին ժողովրդական, ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերուն համահունչ կը պարէին «Նաւասարդ» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները՝ իւրայատուկ փայլ տալով համերգին։ Սրահին մէջ ներկաները՝ մեծով ու պզտիկով, ինքնաբուխ կը ձայնակցէին արուեստագիտուհիին։ Նունէն իր թովիչ ձայնով ու խոր ապրումներով կատարեց Սօսէին նուիրուած երգը, «Գնդակ Որոտաց»ը, «Տըլէ Եաման»ը, «Արդեօք ովքեր են», «Ագուլիսցի քաջ պատանին», «Քելէ Լաօ», «Հօյ Նազան»ը, «Թամամ Աշխարհը», «Քեամանչան», «Զարթիր Լաօ»ն…։ Երգչուհին շրջապատուած մանուկներով, ՀՄԸՄի սկաուտներով եւ «Նաւասարդ» պարախումբով մեկնաբանեց «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք» խորագրեալ իր նոր երգը եւ դիմելով ժողովուրդին ըսաւ. «Պէտք է փայփայենք այս փոքրիկները որովհետեւ անոնք են մեր ապագայ սերունդը»։ Աւարտին ներկաները յոտնկայս ձայնակցեցան «Մեր Հայրենիք» փառերգին, մինչ պաստառին վրայ կը ծածանէր Հայոց Եռագոյնը։
Յայտնենք, թէ հրապարակի վրայ են Նունէ Եսայեանի խտասալիկներներն ու տեսասալիկները (CD եւ DVD), որոնցմէ գոյացած հասոյթը – ինչպէս դիտել տուաւ երգչուհին – ամբողջովին պիտի յատկացուի Արցախի զինուորներուն։
Վարձքը կատար կազմակերպիչներուն, որոնք հանդիսատեսին պարգեւեցին հայկական շունչով տոգորուած եզակի պահեր։
Մ. Լ
Նոր Յառաջ