Իւ­րա­քան­չիւր ա­զատ մարդ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­ցի է

Կեդ­րո­նա­կան Մա­կե­դո­նիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ի. Վե­լի­տիս» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 101րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կո­չա­կան քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը։

20րդ դա­րու սկիզ­բին, հայ ազ­գին դէմ Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած բռնու­թեան, տե­ղա­հա­նու­թեան, ջար­դե­րու ու մա­հո­ւան եր­թե­րու պատ­մա­կան փաս­տե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու եւ այլ քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րու բնակ­չու­թեան դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րուն շուրջ անդ­րա­դար­ձաւ օ­րո­ւա նա­խա­գահ Վի­գէն Տէ­րէեա­նը շեշ­տե­լով, թէ Թուր­քիա մին­չեւ այ­սօր յա­մա­ռօ­րէն կը մեր­ժէ մարդ­կու­թեան դէմ ի­րա­գոր­ծած իր ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը, մինչ նե­ցուկ կը կանգ­նի Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դին դէմ։

Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր Կիպ­րո­սի եւ­րոե­րես­փո­խան, հա­յու­թեան հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կա­մու­հի եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ջերմեռանդ պաշտ­պան տոքթ. Է­լէ­նի Թէո­խա­րուս, որ իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ 1915ի հե­տե­ւանք­նե­րուն եւ Ս­փիւռ­քի ու յատ­կա­պէս Յու­նաս­տան եւ Կիպ­րոս ա­պաս­տա­նած հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն, յի­շեց­նե­լով բո­լո­րին Կիպ­րո­սի մէջ «­Մել­գո­նեան» վար­ժա­րա­նի թան­կա­գին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Բա­նա­խօ­սը շեշ­տեց, թէ այ­սօր ալ Կիպ­րո­սի մէջ ծաղ­կուն հա­մայնք ու­նինք, որ տե­ղա­կան հա­սա­րա­կու­թեան հար­ցե­րուն մաս­նա­կից է, ու կը պայ­քա­րի Կիպ­րո­սի յոյ­նե­րուն հետ կղզիի բռնագ­րա­ւո­ւած հո­ղե­րու ա­զա­տագր­ման հա­մար։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նի կող­մէ 1987ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման՝ շեշ­տե­լով, թէ ինք կը վա­րէ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խմբա­կի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը, եւ իր պաշ­տօ­նի բեր­մամբ ճիգ չի խնա­յեր, որ­պէս­զի լոյս աշ­խարհ գան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը եւ Թուր­քիա պար­տա­ւո­րո­ւի ճանչ­նա­լու իր գոր­ծած ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ­պէս նա­խա­պայ­ման Եւ­րո­պա­կան Միու­թե­նէն ներս իր մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան։

Բա­նա­խօ­սը յու­զեց ներ­կա­նե­րը, երբ ի­րեն հա­րա­զատ ո­ճով բա­ցա­գան­չեց՝ «Իւ­րա­քան­չիւր ա­զատ մարդ՝ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­ցի է, իւ­րա­քան­չիւր ա­զատ մարդ Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­ցի է»։
Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի եւ հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ներ­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար (­Մա­կե­դո­նիոյ-Թ­րա­կիոյ) տի­կին Մա­րիա Քո­լիա-­Ցա­րու­խա ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րա­սի, կա­ռա­վա­րու­թեան, ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Փա­նաեո­թիս Քու­րուպ­լի­սի եւ ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Փա­նոս Քա­մե­նո­սի ող­ջոյն­նե­րը։

Փոխ-նա­խա­րա­րու­հին դա­տա­պար­տեց Թուր­քիոյ կե­ցո­ւած­քը, որ կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել հա­յե­րուն եւ պոն­տոս­ցի­նե­րուն դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը, կոչ ուղ­ղե­լով Թուր­քիոյ՝ դադ­րեցնելու իր դրա­ցի եր­կիր­նե­րուն դէմ յար­ձա­կում­նե­րը եւ Կիպ­րո­սի գրա­ւու­մը։

Խօ­սե­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին, տի­կին նա­խա­րա­րու­հին օ­րի­նակ բե­րաւ Գեր­մա­նիոյ պա­րա­գան, որ ըն­դու­նեց եւ ճանչ­ցաւ իր գոր­ծած Հո­լո­քոս­թը՝ նշե­լով, թէ այս ձե­ւով կը պաշտ­պա­նուին հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րը, որ­պէս­զի դար­ձեալ կա­րե­լի չըլ­լայ կրկնել նման ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ «Որ­քան ժա­մա­նակ Թուր­քիա չ­’անդ­րա­դառ­նար թէ նման պատ­մա­կան սխալ­ներ կա­րե­լի չէ մեր­ժել, այն­քան ա­տեն իր կե­ցո­ւած­քը ան­հա­մա­տե­ղե­լի կը մնայ եւ­րո­պա­կան հա­մա­կե­ցու­թեան սկզբունք­նե­րուն հետ» ը­սաւ նա­խա­րա­րու­հին։

Դա­տա­պար­տե­լով հա­յու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պա­հան­ջե­լով ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մը՝ ող­ջոյ­նի խօս­քեր ուղ­ղե­ցին Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մարզ­պետ Ա­փոս­թո­լոս Ծի­ծի­գոս­թաս, Թե­սա­ղո­նի­կէի փոխ-մարզ­պետ Վու­լա Փա­թու­լի­տու, Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. Մա­նու­կեան։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան խօս­քը ուղ­ղեց Խա­չիկ Գա­սա­պեա­ն։

Ձեռ­նար­կը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Աբղ. Սա­պուն­ճեան եւ Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դը, ինչ­պէս նաեւ գա­ղու­թի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ։

Ներ­կայ էին Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րես­փո­խան­ներ Սի­րի­զա­յէն՝ Ալ. Թ­րիան­տա­ֆի­լի­տիս, Նոր Հան­րա­պե­տու­թե­նէն՝ Սթ. Քա­լա­ֆա­թիս եւ Գ. Կիւ­լե­քաս, Կեդ­րո­նի կու­սակ­ցու­թե­նէն՝ Ա. Փո­քաս, Փո­թա­միէն Խր. Թա­հիա­յու, Թե­սա­ղո­նի­կէի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հայր Էվ­սէ­վիոս, Կիպ­րո­սի հիւ­պա­տոս Ան­տո­նիս Մանտ­րի­թիս, Գ. զօ­րա­բա­նա­կի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար Ալ­քի­վիա­տիս Ս­թե­ֆա­նիս, պոն­տա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ստանձ­նած էր ա­մե­րի­կեան «Ա­նա­թո­լիա» քո­լէ­ճի երգ­չա­խում­բը, որ ներ­կա­յա­ցուց ծա­նօթ յօ­րի­նող­նե­րու եր­գեր։

Քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հիւ­րե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը, լուռ քայ­լար­շա­ւով, ուղղո­ւե­ցան Թե­սա­ղո­նի­կէի Գ. զօ­րա­բա­նակ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։

 Այս մասին կը յայտնէ Ազատ օր:

ՀունաստանՀունաստան1 Հունաստան2

Scroll Up