Ատրպէյճանի Զինուժի Կրակոցէն Զինծառայող Մը Նահատակուած է. ԼՂՀ ՊԲ

Ապրիլ 19-ին` ժամը 09:50-ի սահմաններուն, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն նահատակուած է ՊԲ զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Գէորգ Գարեգինի Գէորգեանը:
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: