Թուրք Երգչուհիի` Հայկական Դրօշի Գոյներով Հագուստը Կատղեցուցած Է Ատրպէյճանցիները

Թուրք յայտնի երգչուհի, «Եւրոտեսիլ 2009»-ին Թուրքիան ներկայացուցած Հատիսէի զգեստը մանկանան հաղորդման մը ժամանակ Ատրպէյճանի մէջ ջղացնցումի պատճառ դարձած է:
Թրքական Sozcu-ի փոխանցմամբ` թուրք երգչուհի Հատիսէն TV8 հեռուստաալիքով հեռարձակուող մանկական երաժշտական հաղորդման մը ժամանակ կրած զգեստը, ունեցած է նարնջագոյն, կապոյտ եւ կարմիր գոյներու շարքը: Ըստ News.am-ի` այս փաստը հիմք տուած է ատրպէյճանցիներուն մտածելու, որ երգչուհին Հայաստանի դրօշի գոյներով զգեստ կը կրէ, եւ բազմաթիւ ատրպէյճանցիներ ընկերային կայքերով վիրաւորական արտայայտութիւններ գրած են Հատիսէին:
Թուրք երգչուհին չէ դիմացած իրեն ուղղուած ատրպէյճանցիներու գրած վիրաւորանքներուն եւ ըսած է հետեւեալը․ «Ես բանի տեղ չեմ դներ իմ հասցէիս նման անհիմն տողեր գրած փոքր սրտով մարդոց: Եթէ անգրագէտ ես, աւելի լաւ է լռես: Ընելու բան չունի՞ք: Իմ հագուստս մի մեկնաբանէք ձեր անմարդկային ու հիւանդ երեւակայութեամբ: Բոլորին խաղաղ ու հանգիստ կեանք ու աշխարհ կը մաղթեմ»:
Նշենք, որ Հայաստանի դրօշի գոյները ոչ թէ կազմուած է նարնջագոյն, կապոյտ ու կարմիր գոյներէն, այլ հակառակը` կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: