Թրքական Արտադրութիւններու Դէմ Արշաւ` Արաքս Եւ Մարաշ Թաղերուն Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ թրքական արտադրութիւններու դէմ արշաւ մը` Պուրճ Համուտի Արաքս եւ Մարաշ թաղերուն մէջ:
Արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերէն ընկերներ, որոնք խումբերու բաժնուելով պաստառներ ցուցադրեցին վերոյիշեալ փողոցներուն վրայ: Որոշ հեռաւորութիւններու վրայ զետեղուեցան ձայնի սարքաւորումներ, որոնք Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ սփռեցին ազգային եւ յեղափոխական երգեր, նոյն միջոցին ԼԵՄ-ականներէ բաղկացած այլ խումբ մը շրջեցաւ շրջանին խանութները եւ կոչեր ու «սթիքըր»-ներ բաժնելով իր մտահոգութիւնը յայտնեց հայ վաճառականներուն` թրքական արտադրութիւններ քաջալերելու գծով:
Արշաւին աւարտին ԼԵՄ-ականները քայլարշաւի մը ձեռնարկեցին Պուրճ Համուտի հրապարակէն մինչեւ Արաքս թաղի վերջաւորութիւնը: Անոնք պաստառներ բարձրացնելով եւ «Կը մերժենք թրքականը» արտայայտութիւնը բացագանչելով անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը միշտ պիտի ըլլայ այն տարրը, որ պիտի զգուշացնէ հայ երիտասարդը օտարամոլութենէ եւ այլասերումէ, միշտ պիտի մերժէ թրքականը եւ ամէն գնով պիտի աշխատի հայապահպանման եւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման համար:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: