Բագրատունի Բարձր Գնահատեց Ղարաբաղի Առնչութեամբ Սալամի Դիրքը
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այսօր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ, յանուն ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսոյ մէջ գումարուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին՝ Ղարաբաղի առնչութեամբ տրուած որոշումին Լիբանանի արտայայտած վերապահ կեցուածքին համար։
Բագրատունի նշեց, որ այս ուղղութեամբ գոհունակութիւն արձանագրուած է ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան մօտ։
Սալամ շեշտեց, որ այս կեցուածքը կը բխի արդարութեան սկզբունքներէն ու համոզումի արդիւնք է, եւ ոչ քաղաքական հաշիւներու։
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: