Արճիսի Միջնակարգ Դպրոցին ՄԷջ Նշուեցաւ Գրիգոր Խանջեանի Ծննդեան 90-Ամեակը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս Արճիսի միջնակարգ դպրոցին մէջ նշուեցաւ հայ մեծանուն նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի 90-ամեակը: Ձեռնարկի կազմակերպիչ, կերպարուեստի ուսուցչուհի Արփինէ Զախարեան շարժապատկերներով ցուցադրեց Գր. Խանջեանի նկարները, իսկ աշակերտները վերլուծեցին ատոնք` ներկայացնելով նաեւ  քանի մը հատի ծագման պատմութիւնը:

Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` աշակերտները առանձնակի մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մանրամասնօրէն վերլուծեցին “Վարդանանք”, “Հայոց այբուբեն”  եւ  ”Վերածնուած Հայաստան” նկարները:

Ներկայացուցին նաեւ Գր. Խանջեանի նկարազարդուած գիրքերը. Յովհ. Թումանեանի “Լոռեցի Սաքոն”, Պարոյր Սեւակի “Անլռելի զանգակատուն”, Խ. Աբովեանի “Վէրք Հայաստանի”, Գէորգ Էմինի “Սասունցիներու պարը”, ինչպէս նաեւ հատուածներ ընթերցեցին Կոմիտասին, Աղասիին բնութագրող հատուածներէն, ասմունքեցին “Սասունցիներու պարը” բանաստեղծութենէն հատուած մը:

Ձեռնարկը  բազմաբովանդակ եւ ուսանելի էր:

Scroll Up