Նախագահը Ուաշինկթընի ՄԷջ Հանդիպում Մը Ունեցած Է ԱՄՆ Փոխնախագահ Ճոզէֆ Պայտէնի Հետ

Աշխատանքային այցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 31-ին Պոսթընէն ժամանած է Ուաշինկթըն, ուր նոյն օրը Սպիտակ տան մէջ հանդիպում  ունեցած ԱՄՆ փոխնախագահ Ճոզէֆ Պայտէնի հետ, որ ՀՀ Նախագահին հանդիպած էր նաեւ գրեթէ մէկ տարի առաջ` 2015թ. Մայիս 7-ին, Ուաշինկթընի ազգային մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջկրօնական աղօթքին առիթով: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մշտապէս վերընթաց զարգացում կ’ապրին համատեղ ջանքերու ու փոխադարձ քաղաքական կամքի շնորհիւ եւ գոհունակութեամբ  փաստած են, որ ներկայիս երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը կը ներառէ ամենատարբեր ոլորտներ` քաղաքական, տնտեսական, հումանիտար, անվտանգութեան, որոնց ծիրէն ներս տարիէ տարի երկու երկիրները նոր ձեռքբերումներ կ’արձանագրեն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գնահատմամբ, փոխադարձ ջանքերու շնորհիւ հայ-ամերիկեան գործընկերութիւնը այժմ կը գտնուի երկկողմ յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ, որուն մասին կը վկայեն նաեւ վերջին տարիներուն տարբեր մակարդակի փոխայցելութիւնները: Հանրապետութեան Նախագահը բարձր  գնահատած է Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը` ուղղուած ՀՀ տնտեսական զարգացման, տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն:

Սերժ Սարգսեան մեծապէս կարեւոր համարած է նաեւ ԱՄՆ դերակատարումը տարածաշրջանային անվտագութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ, յատկապէս` ԱՄՆ աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ԼՂ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

Հանդիպման հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգէն բացի, անդրադարձ  եղած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի իրավիճակին, միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Այդ ծիրէն ներս զրուցակիցները միտքեր  փոխանակած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացքին, մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի զարգացումներուն շուրջ:

ՀՀ Նախագահը նշած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սթափեցնելու գործին մէջ հայկական կողմը կ’ապաւինի միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս համանախագահող երկիրներու աշխոյժ միջամտութեան` ձեռնարկելու գործուն քայլեր, քանի դեռ ատոնք կրնան որեւէ բան փոխել:

Նախագահ Սարգսեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է ԱՄՆ քոնկրէսականներու` ԼՂ հիմնախնդիրի նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղուած աշխոյժ ջանքերուն համար: Վերջիններուս կողմէ իրականացուող քայլերը, ըստ Նախագահին, օրինակելի կրնան ըլլալ շատ այլ երկիրներու խորհրդարանականներու համար:

Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ խիստ մտահոգուած են երկրի անմիջական հարեւանութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեամբ եւ խստօրէն կը դատապարտեն զայն: Նախագահը ցաւով  նշած է, որ տեղի ունեցող վայրագութիւններուն հետեւանքով կը սպաննուի եւ փախստական կը դառնայ նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր, կը վնասուի եւ կ’ոչնչացուին տարածաշրջանին մէջ բազմադարեայ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան նմուշները:

Փոխնախագահ Պայտէնը բարձր գնահատած է Հայաստանի ջանքերը` Սուրիայէն մեծ թիւով փախստականներուն ապաստան տալու եւ սուրիահայերուն համար կենսագործունէութեան հնարաւոր պայմաններ ստեղծելու համար:

Զրուցակիցները յոյս  յայտնած են, որ Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու խնդիրները լուծելու, քրիստոնէական համայնքներու վերադարձը խթանելու, անոնց բազմադարեայ մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով գործուն ու արդիւնաւէտ միջոցներ կը մշակուին: Սերժ Սարգսեան եւ Ճոզէֆ Պայտէն նաեւ վստահութիւն  յայտնած են, որ համատեղելով ջանքերը` հնարաւոր կ’ըլլայ  դիմակայել առկայ մարտահրաւէրները:

16842_b 16843_b

Scroll Up