Ծաղկազարդը Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Մանուկներու խուռներամ ներկայութեամբ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի Ս. Պատարագը: Պատարագիչն էր Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան: Տէր Հայրը իր քարոզին ընդմէջէն, ներկաներուն մանրամասնօրէն բացատրեց Ծաղկազարդի տօնին նշանակութիւնը, որ յիշատակութիւնն է ո՛չ միայն Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքին դէպի Երուսաղէմ քաղաքը, այլ յաղթական եւ կեանք պարգեւող մուտքը Քրիստոնեաներու սիրտերուն մէջ:

Ս. Պատարագի աւարտին, նախքան Մանուկներու Օրհնութիւնը, Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան իր ուրախութեան արտայայտութիւններով քաջալերեց մանուկներու ներկայութիւնը Եկեղեցիէն ներս եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն առաջնորդելու իրենց զաւակները դէպի Ս. Եկեղեցի՝ հաղորդակից դարձնելու անոնց մեր Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն եւ դաստիարակելու անոնց Քրիստոնէական անկորնչելի արժէքներով: Մանուկներու եւ արմաւենիի ճիւղերու օրհնութենէն ետք, կատարուեցաւ Դռնբագէքի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք, հաւատացեալները ներկայ գտնուեցան Ծաղկազարդի ճաշկերոյթին «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ: Ճաշկերոյթի ընթացքին Օրդ. Դալար Մալխասեան տեսերիզով ներկայացուց CYMA – 2015 առաքելութիւնը ներկաներուն:

Այս մասիյ կը յայտնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջը:

Scroll Up