ԱՄՆ-ի Շամլեան Վարժարանի Սաները Կ’օժանդակեն Փոքր Վեդիի Դպրոցին

12- ամեայ համագործակցութեան ընթացքին ձեռք բերուած բարեկամութեան արդիւնքով Մարտ 21- ին ԱՄՆ-ի Կլենտէլ նահանգի Շամլեան վարժարանի 150 սաները իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն հետ հիւրընկալուեցան Փոքր Վեդի համայնքին մէջ:

«Արէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` հիւրերը այցելած են Խոր Վիրապ, ուր կատարուած է օրհնութեան կարգ: Փոքր Վեդիի դպրոցի բակին մէջ վարժարանի սաները, չխախտելով ընդունուած աւանդոյթը, կազմակերպեցին ծառատունկ: Այս տարիներուն ընթաքին վարժարանի սաները, հիւրընկալուելով համայնքէն ներս, «Բարեկամութեան այգիին մէջ» արդէն տնկած են 250 ծառ: Այնուհետեւ ըլլալով դպրոցին մէջ` անոնք ծանօթացան իրենց հասակակից աշակերտներուն, մասնակցեցան մշակոյթի տան մէջ կազմակերպուած ազգագրական հաﬔրգին:

«Դուք ﬔր մարզի հիւրերը չէք, այլ ﬔր զաւակները, որ օտար ափերից եկել էք հայրական օճախ»,- իր եւ մարզպետի անունէն հիւրերը ողջունելով` ըսաւ մարզպետի տեղակալ Իլյիչ Շադեան` աւելցնելով, որ Շամլեան վարժարանի եւ Փոքր Վեդի համայնքի դպրոցներուն ﬕջեւ ստեղծուած բարեկամութեան կամուրջը կու տայ իր պտուղները, որոնք կ’արտայայտուին նաեւ փոխադարձ այցելութիւններով:

Դպրոցի տնօրէն Արթուր Յարութիւնեան, եւս ողջունելով հիւրերը ընդգծեց, որ տարիներու այցելութիւններու շնորհիւ սաներէն շատերը Փոքր Վեդիի մէջ ունին հարազատ բարեկաﬓեր եւ օճախներ, ուր եւ կրնան աւելի մօտէն զգալ հայրենիքի շունչը: Հիւրերը դպրոցին որոշակի գումար նուիրաբերեցին ընթացիկ ծախսերը հոգալու համար:

Լիլիթ Մաճկալեան

Scroll Up