«Տէր Կանգնինք Արեամբ Կերտուած Մեր Հայրենիքին» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 28-Ամեակին

28 տարիներ առաջ արցախեան աշխարհին մէջ հայութիւնը կը թօթափէր վախն ու ճնշուածութիւնը, կը դիմէր զէնքին ու ուժին` կերտելու համար ազատ հանրապետութիւն մը, տէր կանգնելու համար իր հողերուն ու իրաւունքներուն: 28 տարիներ առաջ մեր հերոսներուն արեամբ ու նուիրումով հարազատ հողին մէջ նետուած սերմերուն պտուղները քաղուեցան քանի մը տարի ետք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումով: 28 տարուան ոչ շատ հեռու այդ ժամանակաշրջանի խիզախութեամբ ու մարտնչումով կը հպարտանայ այսօր համայն հայութիւնը` հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, կը պաշտէ այդ սրբազան հողը, տէր է անոր եւ պատրաստ` օժանդակելու անոր զարգացման:

28 տարի առաջ ընթացք առած արցախեան ազատագրական պայքարի 28-ամեակին նուիրուած էր «Տէր կանգնինք արեամբ կերտուած մեր հայրենիքին» խորագիրով այս հանդիսութիւնը, զոր կազմակերպած էին ՀՅԴ Հայ դատի եւ քարոզչական մարմինները, եւ որ տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 15 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը արցախեան կռիւներուն զոհուած մեր անձնուրաց հերոսներուն:

Der-Ganknink4_31516

Բացման խօսքը արտասանեց Աշոտ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ 28 տարի առաջ սկիզբ առած արցախեան ազատագրական պայքարին, որուն ճամբով համայն հայութիւնը հաւաքաբար որոշեց դէմ կանգնիլ բռնագրաւումներուն ու զէնք բարձրացնել հայրենիքի ազատագրութեան համար, կռուիլ, մարտնչիլ, պայքարիլ ազատագրելու Արցախը: Ան դիտել տուաւ, որ պայքարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ շնորհիւ հայութեան հաւաքական կամքին եւ վճռակամութեան, նահատակներուն արեան կաթիլներուն ու հերոսներուն խիզախ ոգիին` աւելցնելով, որ այսօր եւս կայ այլ ձեւի պայքար: «Այսօր մարտահրաւէրները բազմաթիւ են` դադրեցնել արտագաղթը, լուծել ընկերային-տնտեսական խնդիրները, ստեղծել բարգաւաճման ծրագիրներ եւ ամէնէն կարեւորը` պահպանել պետական կարգը եւ հողային ամբողջականութիւնը: Այս բոլորին մէջ իւրաքանչիւր հայորդի, ուր որ ապրի, հայրենիքին մէջ թէ հայրենիքէն հեռու, ունի մեծ գործ կատարելիք: Միասնաբար ազատագրեցինք Արցախը եւ այսօր ժամանակն է միասնաբար տէր կանգնելու արեան կաթիլներով կերտուած հայրենիքին», ըսաւ Աշոտ Բագրատունի:

Ապա «Իմ բանակը» երգը (խօսք եւ երաժշտութիւն` Քրիստ Մանարեանի) մեկնաբանեց Մինաս Ադամեան` ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած տեսերիզ մը:

Der-Ganknink3_31516

Օրուան առաջին պատգամաբերն էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան եւ արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ անոր ունեցած ազդու դերակատարութեան: «Գտնուելով Լիբանան, դժուար է խօսիլ հայրենասիրութեան մասին, որովհետեւ երբ սկսաւ 1988 թուականի շարժումը, մեզի համար օրինակ էին լիբանանահայերը: Արդարեւ, ապրելով սփիւռքի մէջ, օտար ափերու վրայ, կրցած են պաշտպանել ո՛չ միայն հայ գիրն ու եկեղեցին, այլ նաեւ կրցած են ունենալ կուռ ու հաստատուն գաղութ, որ օրինակ եղած է մնացեալ գաղութներուն: Մեզի համար Պէյրութը միշտ եղած է սփիւռքի մեր մայրաքաղաքը, հոգեւոր կեդրոնը: 1988 թուականին, երբ սկսաւ շարժումը, նախ եւ առաջ պէյրութցիք մուտք գործեցին Արցախ եւ եղան առաջին յուշողներէն, որ առանց պատերազմի կարելի չէ ունենալ յաջողութիւն: Մենք միամիտ էինք, Խորհրդային Միութեան դաստիարակութեամբ կը կարծէինք, թէ արդար պայքարը պիտի յաջողի օրինական, սահմանադրական կամ մարդասիրական կանոններով: Չարաչար սխալեցանք, եւ օրեր ետք` 13 փետրուարին կայացաւ առաջին հաւաքը, իսկ փետրուար 26-ին սկսան Սումկայիթի ջարդերը: Կը կարծէինք, թէ ասիկա կարճ պիտի տեւէ, մեծապէս կը հաւատայինք, որ Խորհրդային Միութիւնը հարցը պիտի լուծէր օրէնքի պահանջներով: Կը սպասէինք, սակայն միւս կողմէ, մեր հեռատես հայրենակիցները, որոնց կարգին` Հայ յեղափոխական  դաշնակցութիւնը, կամաց-կամաց կը պատրաստուէր, եւ ասիկա եղաւ մեր հետագայ յաջողութիւնը», վկայեց վարչապետը` հաստատելով, որ քիչ անց իրենք եւս գիտակցեցան, որ առանց զէնքի կարելի չէ յաջողութիւն արձանագրել, երկիր պահել, հայրենիք ունենալ:

Ապա ան խօսեցաւ լայնածաւալ պատերազմին մասին, որուն ընթացքին ուժերն ու կանոնները անհաւասար էին, բայց եւ այնպէս պէտք էր առանձինն մարտնչիլ եւ յաղթանակ կերտել:

Վարչապետ Արա Յարութիւնեան անդրադարձաւ յետպատերազմական դժուարին պայմաններուն մէջ կերտուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ հաստատեց, որ եթէ այսօր կարելի չըլլայ զարգացնել մեր հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը, դժուար պիտի ըլլայ պահպանել զանոնք, դժուար պիտի ըլլայ գոյատեւել, որովհետեւ մարտահրաւէրները նոյնն են, նաեւ` հակառակորդները, միջազգային ընտանիքին կողմէ կայ նոյն անտարբերութիւնը եւ անորոշ վարքագիծ մեծ տէրութիւններուն կողմէ: «Այդ պատճառով ալ նախ եւ առաջ պէտք է ապաւինինք մեր ուժերուն, զարգացնենք մեր պետութիւնը: Այսօր մենք ունինք դաշնակից մը, զոր չունէինք այն ժամանակ, այդ ալ մեր սփիւռքն է, մեր հայութիւնն է, որ այսօր տէր կանգնած է եւ, համոզուած ենք, որ վաղը եւս տէր պիտի ըլլայ Հայաստանին ու Արցախին», ըսաւ վարչապետը:

Խօսելով 25-ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին` Արա Յարութիւնեան ներկայացուց 25 տարի առաջ տիրող դժուար ու դաժան պայմանները` շեշտելով, որ, «հակառակ այդ բոլորին, կարելի եղաւ յաղթել, թէեւ չէինք երեւակայած, որ կը զարգանանք, բայց զարգացանք ու տակաւին կը զարգանանք, կը կառուցենք»: Այս առումով ան կարեւոր նկատեց սփիւռքահայութեան ունեցած դերն ու ներդրումը Արցախի մէջ` շեշտելով, որ ձեռք բերուածը բաւարար չէ, այլ տակաւին պէտք է աշխատանք տարուի ունենալու հզօր ու մարտունակ բանակ, առաւելութիւն` մեր հակառակորդներուն նկատմամբ, տնտեսութեան եւ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւում, որ կարելի է ձեռք բերել համայն հայութեան միասնական պայքարով եւ աշխատանքով, միասնական պատասխանատուութեան ստանձնումով: Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակը, անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ անոր զարգացման առնչուող ծրագիրները պիտի ներկայացուին տարբեր գաղութներու մէջ, որպէսզի միասնաբար մտածենք ու գործենք աւելի հզօր Արցախի համար:

Der-Ganknink2_31516

Սահմանային խախտումներուն նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ օրուան երկրորդ պատգամաբերը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, որ նախ պատմական անդրադարձ կատարեց 28 տարի առաջ ընթացք առած արցախեան շարժումին, անոր տուն տուող առարկայական պատճառներուն, պատմական հիմնաւորումներուն, որոնք մղեցին ժողովուրդը նման քայլի դիմելու` յատուկ կերպով անդրադառնալով 70 տարիներու խորհրդային կարգերու ամբողջ ժամանակաշրջանին Ազրպէյճանի իրերայաջորդ վարչակարգերուն կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած բռնութիւններուն, հալածանքներուն, որոնք կը միտէին շրջանը հայաթափել: Ան հաստատեց, որ հայութիւնը չհանդուրժեց այս իրավիճակը եւ պայքարեցաւ մայր հայրենիքի միաւորման ձգտումով, նաեւ գիտակցեցաւ, որ կարելի չէ ապաւինիլ օտար միջնորդութեան, այլ անհրաժեշտ է ժողովուրդին քաղաքական թէ ապահովական պատասխանատուութիւնը անձամբ վերցնել: «Արցախահայութեան միայն կը մնար դիմել ինքնապաշտպանութեան: Նախնական միջոցներով ընթացք առած ինքնապաշտպանութիւնը շուտով կազմակերպուեցաւ ու, ընդգրկելով հայրենաբնակ թէ սփիւռքեան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը, շուտով վերածուեցաւ համահայկական շարժումի` զօրաշարժի ենթարկելով հայութեան բովանդակ ներուժը», հաստատեց Բ. Պչաքճեան:

Ապա պատգամաբերը խօսեցաւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղի 25-ամեայ ուղիին մասին` օրինակելի ճամբով կերտուեցաւ պետական կառոյց, որդեգրուեցաւ ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներու ու ընկերային արդարութեան հիմունքներով սահմանադրութիւն, կազմաւորուեցաւ թշնամիին ոտնձգութիւնները զսպող ու բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորող հզօր բանակ եւ հիմը դրուեցաւ տնտեսական զարգացման նպաստող հիմնական դրոյթներուն: Բենիամին Պչաքճեան նշեց, որ այսօր եւս բազում եւ բազմաճիւղ են մարտահրաւէրները, մանաւանդ որ արձանագրուած նուաճումներուն կողքին կան բացթողումներ` մարդահամարի, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներու մէջ: «Պատմութեան ընթացքին միշտ աւելի ծանր ու օրհասական պայմաններ յաղթահարած մեր ժողովուրդը, իր միասնակամութեամբ ու վճռակամութեամբ, հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքով, իր մարդկային արժանիքներով ու հմտութեամբ պիտի կարենայ կացութիւնը շրջել ու ռազմավարական գերակշռութիւն ապահովել: Հարկ է ճշդել տարբեր բնագաւառներու մէջ ունեցած մեր առաւելութիւններն ու կարելիութիւնները, օգտագործել համաշխարհային տարածում ունեցող մեր ազգային ամբողջական ներուժը», դիտել տուաւ ան:

Բենիամին Պչաքճեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրականութիւնը, որ արցախեան հիմնահարցին նկատմամբ հայ քաղաքական միտքը միանշանակ կեցուածք չէ ցուցաբերած ու պատճառ դարձած է, գէթ սկզբնական շրջանին, ներքին պառակտումներու ու հակասական կեցուածքներու:  Ան մանրամասնեց, որ ոմանք «արկածախնդրութիւն» կը նկատէին որեւէ ըմբոստութիւն կամ ինքնապաշտպանութեան փորձ, նաեւ Արցախի պարագան բանակցելի, իսկ ուրիշներ կառչած էին այն տեսակէտին, որ հայ ժողովուրդին լինելիութեան պայքարը արկածախնդրութիւն չէ, այլ` ազգային հրամայական, Արցախը` Հայաստանի գոյութեան ու ապահովութեան հիմնական երաշխիք, եւ անոր դատը` մեր բոլորինը:

«Ժամանակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակին առիթով հաւատարիմ մնանք 28 տարիներ առաջ ընթացք առած շարժման իտէալներուն ու, յարգելով մեր հազարաւոր նահատակ-մարտիկներու յիշատակը, ազգովին տէր կանգնինք արեամբ ազատագրուած տարածքներուն եւ Արցախը վերածենք հզօր ու կենսունակ հայրենիքի», եզրափակեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Արցախեան ազատագրական պայքարի 28-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Նորօրեայ հերոսին» երգով (խօսք` Աւետ Բարսեղեանի, երաժշտութիւն` Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի), զոր մեկնաբանեց Շողիկ Թորոսեան` ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբէն խումբ մը երիտասարդներու:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Der-Ganknink5_31516

Scroll Up